Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ Անվտանգութեան խորհուրդի յաջորդական նիստը կայացած է Ապրիլ 1-ին։
Նիստին, նախագահը նշած է, որ վերջին օրերու Անվտանգության խորհուրդի նիստերու յաճախակիութիւնը պայմանաւորուած է Արցախի մէջ ստեղծուած ռազմաքաղաքական իրավիճակով եւ յատկապէս Արցախի արեւելեան հատուածի զարգացումներով:
Յարութիւնեան շնորհակալութիւն յայտնած է Պաշտպանութեան բանակին, ուժային այլ կառոյցներուն եւ կամաւորականներուն՝ հակառակորդի յառաջխաղացքը կասեցնելնուն համար։
“Մենք հասկանում ենք, որ նրանց նպատակը ամբողջ Քարագլուխը գրաւելն է եղել: Պէտք է արձանագրենք, որ Քարագլուխի հիմնական բարձունքը, ամենաբարձր կէտը գտնւում է մեր վերահսկողութեան տակ, սակայն որոշ կարեւոր բարձունքներ այսօր գտնւում են Ադրբեջանի զինուած ուժերի վերահսկողութեան ներքոյ: Մեր նպատակն է, Ադրբեջանցիները վերադարձնել իրենց նախկին դիրքերը: Մեր պահանջն ու խնդրանքը խաղաղապահ ուժերին այն է եղել, որ Status Quo-ն, որը բխում է եռակողմ յայտարարութիւնից, պէտք է վերականգնուի: Այս պահանջը մենք երբեւէ չենք փոխելու»,– ընդգծած է ԱՀ նախագահը։
Յարութիւնեան համոզում յայտնած է, որ Ազէրպայճանի կողմէ հրահրուած այդ յարձակման նպատակն էր նախ եւ առաջ ռուսական խաղաղապահ ուժերու դերակատարութիւնը վարկաբեկելը․– “Մենք համարում ենք, որ ռուսական խաղաղապահ ուժերը շարունակում են իրականացնել իրենց առաքելութիւնը”,– ըսած է Յարութիւնեան, շեշտելով թէ՝ պէտք է զգօն ըլլալ եւ վստահանալ, որ Ազէրպայճան նման քայլերու պիտի չդիմէ․– “Դրա համար հետագայում մենք մեր ինքնապաշտպանութեան առումով շատ աւելի արմատական եւ վճռական քայլեր ենք իրականացնելու”,– եզրափակած է ԱՀ նախագահը: