«Արեւ». Հրայր Տիարպէքիրեանի կտաւներուն անդրանիկ ցուցադրութիւնը՝ Երեւան

Շաբաթ, 13 Դեկ­տեմբերին, Երե­ւանի մշա­կու­թա­յին կեան­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ կա­րեւոր դէպք մը։ Լի­բանա­նահայ հռչա­կաւոր նկա­րիչ Հրայր Տիար­պէքիրեանի տար­բեր տա­րինե­րու աշ­խա­տանքնե­րը ներ­կա­յաց­նող «Արեւ» խո­րագրեալ ան­հա­տական ցու­ցա­հան­դէ­սը իր դռնե­րը բա­ցաւ կազ­մա­կեր­պութեամբ՝ Երե­ւանի Բի­նալ Արուես­տի Հիմ­նադրա­մին (Yerevan Biennial Art Foundation «YBAF»), Լա­թիթիւտ (Latitude art space) արուես­տի սրա­հին մէջ։

Ցու­ցա­հան­դէ­սը սկսաւ Լիւ­սի Թօ­փալեանի խօս­քով: Լիւ­սին լի­բանա­նահայ է, վեց տա­րիէ ի վեր հաս­տա­տուած է Երե­ւան: Լի­բանա­նի քա­ղաքա­ցիական պատ­երազմի տա­րինե­րուն ան­ցած է Քուէյթ, ուր 42 տա­րի մնա­ցած է: Զանազան աշ­խա­տանքնե­րէ ետք զբա­ղած է արուես­տի գոր­ծե­րով. նախ իր տան մէջ հա­ւաքե­լով եւ ցու­ցադրե­լով տար­բեր ազ­գե­րու նկա­րիչ­նե­րու գոր­ծեր, ապա սե­փակա­նատէ­րը դար­ձած է «Արուես­տի տուն» անու­նով կեդ­րո­նի մը, ուր յաջորդա­բար հիւ­րընկա­լած է աշ­խարհի տար­բեր եր­կիրնե­րէ նկա­րիչ­ներ, անոնց աշ­խա­տանքնե­րը ծա­նօթա­ցու­ցած է հան­րութեան, հրա­ւիրուած է նաեւ Միացեալ Նա­հանգնե­րու, Տու­պա­յի եւ այլ եր­կիրնե­րու թան­գա­րան­ներ, որ­պէս կազ­մա­կեր­պիչ արուես­տի գոր­ծեր ցու­ցադրե­լու տար­բեր ցու­ցասրահ­նե­րու մէջ: Քուէյ­թի մէջ անոր հիւ­րընկա­լած արուես­տա­գէտ­նե­րէն էր նաեւ Հրայր Տիապէ­քիրեանը: Լիւ­սին հան­գա­մանօ­րէն ներ­կա­յացուց արուես­տա­գէտին ան­ցած ամ­բողջ ու­ղին, կեն­սագրա­կան ման­րա­մաս­նութիւննե­րը, թէ ինչպէ՛ս ան Պէյ­րութի արուես­տի հա­մալ­սա­րանին մէջ ու­սա­նած տա­րինե­րուն մաս­նակցած է մրցումնե­րու եւ առաջ­նութիւ­նը ձեռք ձգած է, ուրկէ սկսած է համ­բա­ւը հետզհե­տէ տա­րածուիլ աշ­խարհի տար­բեր եր­կիրնե­րուն մէջ, ուր հե­տագա­յին ու­նե­ցած է իր կտաւ­նե­րուն ցու­ցադրու­թիւնը: Հրայ­րին կտաւ­նե­րը գնած են արաբ իշ­խաններ, շէյ­խեր, եւ­րո­պացի թա­գու­հի­ներ եւ այլ ակ­նա­ռու մար­դիկ:

Հան­դի­սու­թեան աւար­տին Հրայր կեն­դա­նի նկար­չա­կան ներ­կա­յացում մը ու­նե­ցաւ, ուր ամ­բողջա­ցուց նա­խապէս գծուած կի­սաւարտ դեղ­նա­ւուն ձի մը: Ի մի­ջի այ­լոց ձին կեդ­րո­նական կեր­պարնե­րէն է իր նկար­չութեան մէջ։ Երբ հար­ցուցինք՝ «Ուրկէ՞ կու գայ ձիուն ազ­դե­ցու­թիւնը»,– պա­տաս­խա­նեց. – «Երբ Պրա­զիլիա կը գտնուէի 1970-ական­նե­րուն, շատ ըն­դարձակ ագա­րակ­նե­րու մէջ կը բնա­կէր ժո­ղովուրդը, իւ­րա­քան­չիւր ագա­րակ փոքր քա­ղաքի մը տա­րածու­թիւնը ու­նէր գրե­թէ։ Ձիով սկսանք տե­ղէ տեղ եր­թալ, հոն է որ սի­րեցի ձին։ Կեն­դա­նիներ շատ կը սի­րեմ, բայց ձին իւ­րա­յատուկ տեղ կը գրա­ւէ նե­րաշ­խարհիս մէջ»։

Կեն­դա­նի նկար­չութե­նէն ետք տե­ղի ու­նե­ցաւ աճուրդ:

Բաց­ման հան­դի­սու­թեան ներ­կայ գտնուեցան արուես­տա­գէտ­ներ, հա­ւաքորդներ եւ բազ­մա­թիւ արուես­տի սի­րահար­ներ, որոնք եկած էին ոգե­ւորե­լու արուես­տա­գէտը եւ վա­յելե­լու անոր ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րը:

Ցու­ցա­հան­դէ­սը կ’ար­տա­ցոլաց­նէ նկա­րիչին խոր ներգրա­ւուա­ծու­թիւնը լոյ­սի եւ ժա­ռան­գութեան նիւ­թե­րուն հետ։ Հրայ­րը իր «Արե­ւը» տա­րինե­րու հե­ռաւո­րու­թե­նէն բե­րած է Հա­յաս­տան։ Արուես­տա­գէտին 24 ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րը կը ներ­կա­յաց­նեն ան­ցեալէն մին­չեւ այ­սօր անոր հար­թած լուռ հա­սու­նութեան ճա­նապար­հը։ Աշ­խա­տանքներ, ուր արե­ւը միայն նշան չէ, այլեւ՝ ուժ, յի­շողու­թիւն, ան­հա­տին ներ­սը կու­տա­կուած կեան­քի լոյս։

Հրայ­րին առա­ջին ցու­ցադրու­թիւնն է Հա­յաս­տա­նի մէջ, «վե­րադարձ» հոն, ուր տա­րինե­րէ ի վեր կը պատ­կե­րաց­նէր ինքզինք։ Այլ խօս­քով ան­հա­տին՝ իր ար­մատնե­րուն հան­դի­պելու պատ­մութիւնն է։ ԱՐԵՒ-ը կը յե­նի լոյ­սի խո­րունկ խորհրդա­նիշին վրայ, ներ­քին կեն­սունա­կու­թեան եւ հո­գեւոր վե­րել­քի փոխ­յա­րաբե­րու­թիւնն է, որ կը սահ­մա­նէ Հրայ­րին գե­ղարուես­տա­կան տիեզեր­քը։

Ցու­ցա­հան­դէ­սին ներ­կա­յացուած կտաւ­նե­րը կը կրեն ար­դի արուես­տի վառ կնի­քը՝ վառ գոյ­ներ, ազատ վրձի­նի հա­րուած­ներ եւ անսպառ զգա­ցումներ։ Ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րուն մէջ կը միաւո­րուին արե­ւելեան աւան­դութիւննե­րը ար­դի արուես­տի մի­տումնե­րուն հետ։

Ցու­ցա­հան­դէ­սը բաց է հան­րութեան եւ կը շա­րու­նա­կուի մին­չեւ 15 Յու­նուար 2026։ Այ­ցե­լու­նե­րը կարելիու­թիւն կ’ու­նե­նան խո­րասու­զուելու Հրայր Տիար­պէքիրեանի գոյ­նե­րու աշ­խարհին մէջ եւ բա­ցայայ­տե­լու անոր արուես­տին խոր­քե­րը, ինչպէս նաեւ գնե­լու զա­նոնք Հա­յաս­տա­նի հա­մար շատ մատ­չե­լի գի­ներով։

Ա. Բ.-Ղ. ■