Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԱՐԺԱՆԹԻՆ – Թումոյի ամէնէն մեծ միջազգային կեդրոնը բացուած է Պուէնոս Այրէսի մէջ  

Յուլիս 3-ին, Արժանթինի մայրաքաղաքին մէջ բացումը կատարուած է Հարաւային Ամերիկայի Թումոյի առաջին կեդրոնին, ուր ամէն շաբաթ կրնայ ուսանիլ 6.000 պատանի:

Նախագիծը իրականացուած է Պուէնոս Այրէսի Կրթութեան նախարարութեան համագործակցութեամբ։

Թումօն կը գտնուի Լատինական Ամերիկայի ամէնէն մեծ ձեւաւորման (design) կեդրոնին մէջ՝ (Centro Metropolitano de Diseño – CMD), որ կառուցուած է 2000-ականներու սկիզբը եւ կը տարածուի 14.000 քառակուսի մեթր տարածքի վրայ՝ նախատեսուած դասընթացներու, ցուցադրութիւններու եւ միջոցառումներու համար։

2026-ին Պուէնոս Այրէսի հարաւային եւ հիւսիսային հատուածներուն մէջ կը բացուին երկու մեծ Թումօ կեդրոններ եւս, Արժանթինի մայրաքաղաքի պատանիներուն կարելիութիւն ընձեռելով ուսումնասիրել արհեստագիտութիւններու եւ ձեւաւորման ոլորտները՝ անկախ իրենց ընկերային կարգավիճակէն։

Պուէնոս Այրէսի Թումօ կեդրոնի պաշտօնական բացման արարողութեան ներկայ եղած են քաղաքապետ Խորխէ Մաքրի, Կրթութեան նախարար Մերսետես Միկել ու Թումոյի գործադիր տնօրէնուհի Մարի Լու Փափազեան։