Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԱՐԺԱՆԹԻՆ – Պուէնոս Այրեսի հայ համայնքի բողոքի ցոյցը

Յունուար 23-ին, Պուէնոս Այրեսի հայ համայնքը բողոքի ցոյց մը կազմակերպած է Հանրապետութեան հրապարակին վրայ՝ Արցախի շրջափակումը դատապարտող եւ միջանցքի անյապաղ բացումը պահանջող պաստառներով:

«Միջազգային հանրութիւնը՝ Եւրոպական Միութիւնը, ՄԱԿ-ը, Մինսքի խումբը անգործութեան մատնուած են։ Դաժանօրէն պաշարուած ժողովուրդին կեանքը շատ աւելի կարեւոր է Ազերպայճանի քարիւղի եւ կազի գործարքներէն։ Արժանթինի մեր կառավարութիւնը պէտք է իր բողոքի ձայնը լսելի դարձնէ միջազգային հարթակներու վրայ՝ ի պաշտպանութիւն Արցախահայութեան»,– ըսած են ցուցարարները։ ■