«Արծիւ գործընկեր-2025» հայ-ամերիկեան միացեալ ռազմափորձերը՝ Հայաստանի մէջ 

Պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն՝ միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններուն մասնակցելու նախապատրաստութեան գործողութիւններու ծիրէն ներս Օգոստոս 12–20 Հայաստանի մէջ տեղի կ՚ունենան «Արծիւ գործընկեր-2025» հայ-ամերիկեան միացեալ ռազմափորձերը։

Ռազմափորձերուն կը մասնակցին Հայաստանի բանակի խաղաղապահ վաշտը, Եւրոպայի եւ Ափրիկէի մէջ ամերիկեան բանակի ցամաքային զօրքերու եւ Քանսասի ազգային պահակազօրքի զինուորականները։ 

Ռազմափորձերուն նպատակն է բարձրացնել միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններուն մասնակցող ստորաբաժանումներուն փոխադարձ գործակցութեան մակարդակը եւ փոխանակել կառավարման եւ մարտավարական հաղորդակցութեան փորձառութիւնը:

Խմբագրական