Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արմէն Գրիգորեան. «Ապաշրջափակումից յետոյ սահմանային վերահսկողութիւնն իրականացնելու է Հայաստանը եւ ոչ թէ Ռուսաստանը»

Հայաստանի հանրային հեռատեսիլէն սփռուած հաղորդումի մը ընթացքին՝ ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտարարած է, թէ ապաշրջափակման հարցին մէջ կարեւորը քաղաքական համաձայնութիւններու յանգիլն է եւ թէ ապաշրջափակումէն յետոյ սահմանային վերահսկողութիւնը պիտի իրականացուի Հայաստանի կողմէ եւ ոչ թէ Ռուսաստանի։

“Ապաշրջափակման մասով կարեւոր բան կայ, որն այլեւս յստակ է բոլոր ներգրաւուած գործընկերների համար, որ սահմանների ամբողջ վերահսկողութիւնը լինելու է հայկական կողմի վերահսկողութեան տակ, այսինքն՝ ապաշրջափակումից յետոյ սահմանային ամբողջ ծառայութիւնները իրականացնելու է միայն հայկական կողմը”,– ըսած է ան:

Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը շեշտած է, որ այս հարցին մէջ Հայաստանի դիրքրոշումը շատ յստակ է:

“Յոյս ունենք, որ այս սկզբունքով առաջ կը շարժուեն նաեւ միւս բոլոր գործընկերները”,– ընդգծած է Գրիգորեան: ■