ՀՀ նախագահը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ (ԱՄԷ) մեկնած է Յունուար 14-ին, ուր ունեցած է շարք մը հանդիպումներ եւ այցելած է «Էքսփօ 2020 Տուպայ»-ի հայաստանեան տաղաւարը։
ԱՄԷ-ի Արտաքին գործոց նախարարին հետ հանդիպման քննարկուած են տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր
Յունուար 16-ին, ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան և ԱՄԷ Արտաքին գործոց և միջազգային համագործակցութեան նախարար, շէյխ Ապտալլահ պին Զայէտ ալ-Նահիան քննարկած են տարածաշրջանային անվտանգութեան և կայունութեան վերաբերող հարցեր:
Սարգսեան անդրադարձած է Արցախի հարցին, պատերազմէն յետոյ Հանրապետութեան և տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակին, զարգացումներուն ու մարտահրաւէրներուն:
Անդրադառնալով պատերազմին հետևանքով յառաջացած մարդասիրական խնդիրներուն՝ Հայաստանի նախագահը մասնաւորապէս նշած է.– “Ազէրպայճան կը շարունակէ գերութեան մէջ պահել հայ ռազմագերիներն ու քաղաքացիական անձերը: Այս հրատապ խնդրին լուծման գործին մէջ Հայաստան կ՚ակնկալէ նաև միջազգային պաշտօնակիցներու գործնական աջակցութիւնը”:
ԱՄԷ-ի Արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին շեշտած է համագործակցութեան զարգացման կարեւորութիւնը՝ ուժանիւթի, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու, սնունդի ապահովութեան եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներու մէջ:
Կողմերը ընդգծած են, թէ ՀՀ-ԱՄԷ քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակը նպաստաւոր հիմքեր կը ստեղծէ փոխշահաւէտ տնտեսական ու ներդրումային գործակցութեան համար:
Wizz Air յառաջիկային կը սկսի դէպի Երեւան թռիչքները
Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ աշխատանքային այցի ընթացքին, ԱՄԷ-ի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ նոր համաձայնութիւն գոյացած է՝ երկու երկիրներու միջև օդային հաղորդակցութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան ընդլայնման վերաբերեալ: Տեղեկութիւնը հաղորդած են ՀՀ նախագահի աշխատակազմէն։
Ըստ համաձայնութեան՝ Wizz Air Abu Dhabi-ն յառաջիկային կը սկսի դէպի Երեւան թռիչքները:
Այս առթիւ նախագահ Սարգսեան յայտնած է, թէ երկու երկիրներու միջև հաստատուող օդային նոր կամուրջը կարևոր քայլ մըն է Հայաստանի և ԱՄԷ-ի առևտրատնտեսական ու գործարար կապերու ամրապնդման ուղղութեամբ, որ էական խթան պիտի հանդիսանայ յատկապէս զբօսաշրջութեան զարգացման առումով:
«Էքսփօ 2020 Տուպայ»-ի մէջ Հայաստան հանդէս եկած է «ԷթնոԹեք» (EthnoTech) յղացքով
Նախագահ Արմէն Սարգսեան Յունուար 17-ին այցելած է «Էքսփօ 2020 Տուպայ» միջազգային ցուցահանդէսներու կեդրոնը եւ հիւրընկալուած՝ Հայաստանի տաղաւարին մէջ։ Ան ծանօթացած է ներկայացուած ցուցադրութիւններուն։
Այս ցուցահանդէսին մեր երկիրը հանդէս եկած է «ԷթնոԹեք» (EthnoTech) յղացքով՝ ներկայացնելով Հայաստանի ազգագրական առանձնայատկութիւնները և արհեստագիտական յաւակնութիւնները: