Դեկտեմբեր 5-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Արշակ արք. Խաչատրեան երկու ամիս բանտարկութեան դատապարտուած է։ Լուրը հաղորդած է անոր փաստաբան Արսէն Բաբայեանը, Դիմագիրքի իր էջին կատարած գրառումով։
Դատարանը՝ դատաւոր Մասիս Մելքոնեանի նախագահութեամբ, ընդառաջած է քննիչի պահանջին՝ որպէս խափանման միջոց ընտրելով բանտարկութիւնը։
Նախապէս փաստաբան Բաբայեան յայտնած էր, որ Արշակ արք. Խաչատրեանը ձերբակալուած է ԱԱԾ-ի կողմէ՝ Քննչական կոմիտէի շէնքին մէջ։
Փաստաբանը նշած էր, որ Արշակ արք. կը մեղադրուի 2018-ին Կաթողիկոսին դէմ բողոքի գործողութեան մասնակիցներէն մէկուն ուսապարկին մէջ, զայն վարկաբեկելու նպատակով՝ իր ծառայակիցներէն մէկուն թմրեցուցիչ զետեղել տալու յանցանքով։
Քննչական կոմիտէն իր կարգին յայտնած էր, որ նախաքննութեան ընթացքին հոգեւորականին նկատմամբ յարուցուած է հանրային քրէական հետապնդում՝ Հայաստանի Քրէական օրէնսգիրքի 393-րդ յօդուածի 2-րդ մասի առաջին եւ 4-րդ կէտերով (խումբ մը անձերու կողմէ նախնական համաձայնութեամբ թմրեցուցիչի ապօրինի փոխանցում՝ հանրային վայրի մէջ)։