«Արցախեան մշակոյթի պահպանման կեդրոն» ոչ-կառավարական կազմակերպութիւնը ստացած է պաշտօնական հրաւէր՝ մասնակցելու 2025 Յուլիս 31-էն մինչեւ Օգոստոս 16 Իտալիոյ մէջ տեղի ունենալիք ժողովրդական արուեստներու նուիրուած փառատօնին, որ կազմակերպուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի գործընկեր, ժողովրդական եւ ազգագրական արուեստներու կազմակերպութիւնները միաւորող միջազգային խորհուրդին՝ CIOFF-ի կողմէ, գործակցութեամբ՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի։
«Արցախեան վերջին պատերազմէն եւ բռնի տեղահանումէն ետք մեր կեդրոնը դարձած է միակ կազմակերպութիւնը, որ հետեւողականօրէն կը շարունակէ ներկայացնել, պահպանել եւ հանրութեան ծանօթացնել արցախեան մշակոյթը՝ անկախ բոլոր մարտահրաւէրներէն։
Այս նախաձեռնութեան շրջանակին մէջ նախապատրաստուած է մշակութային ծրագիր մը՝ Արցախի ազգային նուագարաններու պետական նուագախումբին եւ Արցախի պարի պետական համոյթի մասնակցութեամբ, նպատակ ունենալով արժանավայել ձեւով ներկայացնել հայկական մշակոյթը համաշխարհային բեմին վրայ։
Այս մասնակցութիւնը յաջորդական քայլ մըն է արցախեան ինքնութեան պահպանման եւ մշակութային դիմադրութեան ճանապարհին»,– հաղորդած են «Արցախեան մշակոյթի պահպանման կեդրոն»-էն։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։