Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արցախի հոգեւոր, մշակութային եւ պատմական ժառանգութեանց նուիրուած Պեռնի միջազգային համագումարը աւարտեց իր աշխատանքները

Մայիս 28-ին, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին եւ Զուիցերիոյ բողոքական եկեղեցւոյ կողմէ կազմակերպուած Արցախի հոգեւոր, մշակութային ու պատմական ժառանգութեանց պաշտպանութեան նուիրուած միջազգային երկօրեայ համագումարը աւարտեց իր աշխատանքները։

Երկու օրերու ընթացքին, պատմական ու քաղաքական դիտանկիւններ, միջկրօնական հայեցակէտեր, միջազգային օրէնսդրութիւն ու վկայութիւններ, հաւաքական պատասխանատւութիւն եւ անցեալէն յիշատակներ ենթաբաժիններով համագումարի մասնակից հայ թէ օտար աստուածաբաններ, պատմաբաններ ու իրաւաբաններ լուսարձակի տակ բերին Արցախի ու արցախահայութեան իրավիճակն ու արդար պահանջները եւ կոչ ուղղեցին Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին, Զուիցերիոյ բողոքական եկեղեցւոյ եւ այլ եկեղեցիներու Արցախի դատը ծանօթացնելու ու հետապնդելու՝ գործակցաբար բոլոր այն կառոյցներուն հետ, որոնք կրնան դերակատարութիւն ունենալ այս կենսական հարցին մէջ։