Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը կը գտնուի ոչնչացման լուրջ վտանգի առջեւ

Հայկական լեռնաշխարհի մշակութային ժառանգութեան պաշտպան Յովիկ Ավանէսով կը գրէ․

«Ազերպայճան տեղեկատուական հիմք կը նախապատրաստէ Ստեփանակերտի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ եւ Աստուածամօր Սուրբ Հովանի մայր տաճարի քանդումին համար։

Տարածուող քարոզչական նիւթերուն մէջ կ՚առաջարկուի ոչնչացնել նշեալ եկեղեցիները եւ անոնց փոխարէն մզկիթներ կառուցանել։ Յիշեցնենք, որ մինչ Բերձորի Սուրբ Համբարձման եկեղեցւոյ հիմնայատակ ոչնչացումը նոյնպէս այդ եկեղեցին քանդելու կամ մզկիթի վերածելու մասին լուրեր կը շրջէին։

Սա կրնայ վկայել նաեւ այն մասին, թէ Ազերպայճան հերոսացուց քնացած հայ զինուորը դաժանաբար սպանած մարդանման հրէշը, նոյն կերպ ալ բացառուած չէ, որ պետական բարձր պատիւներու արժանացնէ հայկական որեւէ յուշարձան պղծող քաղաքացիները՝ այդպէսով Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման մէջ ներգրաւելով ժողովուրդը։

Այն, ինչ որ հայկական է, պատկանելով հայ մշակոյթին, ենթակայ է փոշիացման. սապէս կը մտածէ ու կը գործէ այն պետութիւնը, որուն մէկ դար ալ չհասնող պատմութիւնը հնագոյն քաղաքակրթութիւններու ոչնչացման պատմութիւնն է։ Յիշենք նաեւ դեռ տարիներ առաջ Հին Ջուղայի հայկական խաչքարերուն ոչնչացման փաստը, որ երբեք չի մոռցուիր։ Ձեռագիրը նոյնն է ու անփոփոխ։

Այս ամէնը յստակօրէն կը վկայէ, որ Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը կը գտնուի ոչնչացման լուրջ վտանգի առջեւ»։