Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արցախի նախագահը ներկայ գտնուած է Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ մատուցուած պատարագին

Յունուար 6-ին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան եւ ԱՀ բարձրաստիճան պաշտօնեաներն ու Պաշտպանութեան բանակի բարձրագոյն հրամանատարական կազմի ներկայացուցիչները ներկայ գտնուած են Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ Գանձասարի վանական համալիրին մէջ մատուցուած պատարագին, ձեռամբ՝ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի։

Լուրը հաղորդած են Արցախի նախագահի մամլոյ ծառայութենէն։