Արցախի նախկին բարձրաստիճան պաշտօնատարին խորհրդաւոր մահը Ս. Փեթերսպուրկի՝ Հայաստանի հիւպատոսարանին մէջ

Ս. Փեթերսպուրկի «Ռոսրեեստր» գրասենեակի ղեկավարի նախկին տեղակալ Բորիս Աւագեան, որ անցեալին վարած է նաեւ Արցախի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու ներկայացուցչի պաշտօնը, Սեպտեմբեր 23-ին, Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ընթացող դատական նիստէն փախչելէ յետոյ, խորհրդաւոր պայմաններու մէջ մահացած է Հայաստանի հիւպատոսարանի տարածքին մէջ, ըստ ռուս իրաւապահներու՝ անձնասպան եղած է

Ըստ ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» գործակալութեան՝ Աւագեան, որ Ռուսաստանի մէջ կը մեղադրուէր  մաքսային մեծ չափով վճարումներէ խուսափելու յանցանքով, դատարան բերուած էր խափանման միջոցի ընտրութեան քննարկման համար, մինչ դատախազութիւնը կը պահանջէր անոր ձերբակալումը։

Կը նշուի, որ դատական նիստի ընթացքին Աւագեան լքած է դահլիճը ու պահուըտած, մինչ դատակազմը կը գտնուէր խորհրդակցութեան սենեակը։ 

«ՌԻԱ Նովոսթի» յղում ընելով Ս. Փեթերսպուրկի դատարաններու մամլոյ ծառայութեան, կը գրէ նաեւ, որ Բորիս Աւագեան դատական նիստերու դահլիճ եկած էր Ռազմական ոստիկանութեան ծառայողներու ուղեկցութեամբ, քանի որ մաքսային վճարումներէ խուսափելու հարցով անոր դէմ յարուցուած գործը կասեցուած էր՝ նկատի ունենալով Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան հետ անոր պայմանագիրը, որ կը վերաբերէր Ուքրաինայի մէջ Ռուսաստանի գործողութիւններուն մասնակցութեան։ Սակայն, քանի որ Բորիս Աւագեան հետագային հրաժարած է պայմանագրային պարտաւորութիւններէն, անոր նկատմամբ քրէական գործը կրկին վերաբացուած է։ 

Սեպտեմբեր 23-ին Բորիս Աւագեան տեսանիւթ մը հրապարակած էր, ուր կը յայտնէր, որ ինք Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Հայաստանի հիւպատոսարանի տարածքը կը գտնուի եւ կը փափաքի, որ զինք յանձնեն հայաստանեան իշխանութիւններուն։ Ի դէպ, Հայաստանի մէջ եւս Բորիս Աւագեանի նկատմամբ հետախուզում յայտարարուած է ապօրինի գումարներ պաշտօնականացնելու եւ սահմանը ապօրինի անցնելու մեղադրանքներով։

Փաստաբանը չի հաւատար անձնասպանութեան վարկածին

Բորիս Աւագեանի փաստաբանը Նաթալիա Չեռնիքովա ռուսական RT գործակալութեան յայտնած է, որ ինք չի հաւատար Աւագեանի անձնասպանութեան։

Ըստ փաստաբանին՝ իր այս համոզումը ամրապնդող փաստ է ենթակային բնաւորութիւնը։Ան մարտիկ էր, չէր սիրեր պարտուիլ ու հաւատացեալ մարդ էր։ Շատ լաւ գիտէր, թէ ի՛նչ է անձնասպանութիւնը։ Բաւական խելացի մարդ էր. գիտէր հետեւանքները կշռադատել իրադարձութիւններէն անդին։ Ես չեմ կարծեր, որ ան որեւէ կերպով մտածած ըլլայ այդ մասին”,ըսած է Չեռնիքովա։