
Արցախի Հանրապետութեան գործադիր ու օրէնսդիր իշխանութիւններու ներկայացուցիչները եւ քաղաքացիները Ապրիլ 2-ին այցելած են Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցած 2016 Ապրիլին, Արցախի դէմ Ազէրպայճանի սանձազերծած պատերազմին նահատակուած հերոսներու յիշատակին:

Անոնք այցելած են նաեւ Հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուածներու պանթէոն եւ ծաղիկներ խոնարհած՝ զոհերու շիրիմներուն:










