Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Օգոստոս 14-ին Ամարասի վանքին մէջ մասնակցած է Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի ձեռամբ մատուցուած Սուրբ Աստվածածնայ Վերափոխման տօնի պատարագին։

Այնուհետեւ նախագահը ներկայ գտնուած է խաղողօրհնէքի արարողութեան եւ ողջունած՝ շրջանային վարչակազմին կողմէ կազմակերպուած բերքի հիւրասիրութեան մասնակիցները։