Բացման հանդիսաւոր արարողութիւն՝ Ալֆորվիլի «Մարիամ Արապեան» մանկապարտէզի

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 5-ին, հայահոծ Ալֆորվիլի համար տօնախմբութեան համազօր էր «Մարիամ Արապեան» մանկապարտէզի պաշտօնական բացումը, որ նոր հայկական կրթական հաստատութիւն մը ըլլալու կողքին, կու գայ հարստացնելու տեղական դպրոցական ցանցը եւ միեւնոյն ատեն թոյլ կու տայ շարունակել հարուստ մշակութային աւանդութիւն մը։

Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ բազմաթիւ մասնակիցներու ներկայութեամբ, – բնակիչներ, ընտանիքներ, կրթական մշակներ ու միութենական աշխարհի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ քաղաքային խորհրդականներ, – որոնք եկած էին կիսելու Ալֆորվիլի հայկական կեանքին համար այս յատկանշական պահը։

Ներկայ անձնաւորութիւններուն մէջ էին AGEFAA-ի նախագահ Մայք Պուտաքճի, Թեմիս անդրանիկ առաջնորդ եւ APCAF-ի նախագահ Նորվան արք. Զաքարեան, APCAF-ի քարտուղար Ժաք-Արա Տէյիրմենճեան, ինչպէս նաեւ դպրոցի տնօրէնուհին՝ Անիէս Մինաս։ Իրադարձութեան առանցքային պահը հանդիսացաւ Ալֆորվիլի քաղաքապետ Լիւք Գարվունասի՝ բացման ժապաւէնը կտրելը, ինչ որ կը խորհրդանշէր հաստատութեան գործունէութեան պաշտօնական մեկնարկը։

Այս դպրոցը կ՚ընդունի 55 երեխաներ, որոնք բաժնուած են չորս դասարաններու մէջ, ամենափոքր բաժինէն մինչեւ մեծ բաժինը, ուշադիր վերահսկողութեամբ մը, որ ապահովուած է 10 մասնագէտներէ բաղկացած մանկավարժական եւ կրթական անձնակազմի մը կողմէ։

Իր կրթական առաքելութենէն անդին, հաստատութիւնը կը նպատակադրէ առաջարկել հիւրընկալ եւ հայակերտ շրջապատ մը, նպաստելով երեխաներու զարթնումին եւ զարգացման՝ իրենց ամենափոքր տարիքէն սկսեալ, յատկապէս անոնց հաղորդելով հայկական մշակոյթի սէրը, զանոնք զգայուն դարձնելով իրենց հայկականութեան նկատմամբ, ամուր հայկական ինքնութեան դարբնումով։

Այսպէս, «Մարիամ Արապեան» մանկապարտէզը կը նկատուի Ալֆորվիլի կրթական եւ մշակութային գործունէութեան նոր սիւն մը, որ պիտի նպաստէ ընտանիքներու աճող կարիքներուն եւ պիտի խթանէ այն մանկավարժական եւ մշակութային բազմազանութիւնը, որ կը հանդիսանայ քաղաքին հարստութիւնը։