Բացում Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ համալսարանի Արա Հրեշտակեան հայագիտական ամբիոնին

Մամլոյ հաղորդագրութիւն

27 Հոկ­տեմբեր 2025-ին Պէյ­րութի Սէն Ժո­զէֆ հա­մալ­սա­րանի Արե­ւելեան գրա­դարա­նի դահ­լի­ճին մէջ մեծ շու­քով կա­տարուեցաւ Արա Հրեշ­տա­կեան հա­յագի­տական ամ­բիոնին բա­ցու­մը։ Ակա­դեմա­կան այս նոր կառոյ­ցը իրա­կանա­ցաւ Հրեշ­տա­կեան ըն­տա­նիքին կա­տարած նուիրատ­ւու­թեան շնոր­հիւ։ Ամ­բիոնը պի­տի գոր­ծէ Արե­ւելեան գրա­դարա­նին մէջ, պի­տի կեդ­րո­նանայ գլխա­ւորա­բար հե­տազօ­տական աշ­խա­տանքնե­րու վրայ, պի­տի կազ­մա­կեր­պէ գի­տական եւ մշա­կու­թա­յին նիւ­թե­րու շուրջ հա­մագու­մարներ, աշ­խա­տանոց­ներ, ցու­ցա­հան­դէսներ, իր մի­ջոցով պի­տի կազ­մա­կեր­պուի հա­յագի­տական նիւ­թե­րու դա­սաւան­դում։

Հան­դի­սու­թեան բա­րի գա­լուստի խօս­քը ար­տա­սանեց Արե­ւելեան գրա­դարա­նի տնօ­րէն եւ օրուան հան­դի­սավար դոկտ. Ժո­զէֆ Ռուսթոմ։ Ան ներ­կա­ներուն յի­շեցուց, որ 1933-ին նոյն Սէն Ժո­զէֆ հա­մալ­սա­րանին մէջ գոր­ծած է Հա­յագի­տական ամ­բիոն մը, որուն հիմ­նա­դիրը եղած է յի

սու­սեան միաբա­նու­թե­նէն՝ Հայր Ժան/Յով­հաննէս Մը­սըրեան։ Անոր օրով է նաեւ, որ Արե­ւելեան գրա­դարա­նին մէջ սկսած է կազ­մուիլ հա­յերէն եւ հա­յագի­տական գիր­քե­րու հա­րուստ հա­ւաքա­ծոյ մը, որ մին­չեւ օրս կը պա­հուի։ Ռոս­թոմ նշեց նաեւ, որ վեր­ջին տա­րինե­րուն, նոյն գրա­դարա­նը ձեռք ձգած է լու­սանկա­րիչ Վա­րու­ժան Սէ­թեանի լու­սանկար­նե­րու հա­ւաքա­ծոն, ինչպէս նաեւ Տի­րան Աճէ­մեանի ծաղ­րանկար­նե­րը։

Ռուս­թո­մի խօս­քէն ետք, բեմ բարձրա­ցաւ «Հե­քիաթ» երաժշտա­կան խումբը, որուն ան­դամներն են Նա­րեկ Քէ­շիշեան (քա­խոն), Սե­ւատա Ան­տո­նեան (կի­թար) եւ Գար­մէն Պա­լեան (երգ)։ Անոնք ներ­կա­յացու­ցին հա­յերէն եր­գեր։

Ապա խօսք առաւ Սէն Ժո­զէֆ հա­մալ­սա­րանի տնօ­րէն Հայր Սա­լիմ Տագ­գաշ, որ շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնեց Հրեշ­տա­կեան ըն­տա­նիքի ներ­կա­յացու­ցիչ՝ Փի­թըր Հրեշ­տա­կեանին՝ ամ­բիոնի ծրա­գիրը իրա­կանու­թիւն դարձնե­լուն հա­մար։ Ան դի­տել տուաւ, որ վեր­ջին տա­րինե­րուն քա­նի մը ան­յա­ջող փոր­ձեր եղած էին հա­յագի­տական այս ամ­բիոնը վե­րաբա­նալու։ Տնօ­րէնը երախ­տի­քի իր խօս­քը յայտնեց նաեւ յի­սու­սեան միաբա­նու­թեան ան­դամ հայ կրօ­նաւոր­նե­րու, որոնք կա­րեւոր ներդրում ու­նե­ցած են հա­յագի­տական հե­տազօ­տու­թիւննե­րու մէջ։

Այ­նուհե­տեւ բեմ հրա­ւիրուեցաւ Փի­թըր Հրեշ­տա­կեան, որ իր ըն­տա­նիքին անու­նով սրտի խօս­քը յայտնեց եւ կեն­սագրա­կան տե­ղեկու­թիւններ տուաւ հան­գուցեալ հօր՝ Արա Հրեշ­տա­կեանի մա­սին, որու անու­նով ալ կը կո­չուի նո­րակա­ռոյց ամ­բիոնը։ Հրեշ­տա­կեան յա­տուկ շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնեց նաեւ Հայր Ֆրան­սուա Պոէտէ­քի, որ Յու­նուար 2026-էն սկսեալ պի­տի ստանձնէ Սէն Ժո­զէֆ հա­մալ­սա­րանի տնօ­րէնի պաշ­տօ­նը։

Ապա խօս­քը տրուեցաւ դե­րասա­նու­հի Ար­սի­նէ Խան­ճեանին, որ ստանձնած է ամ­բիոնի վա­րիչի (Titulaire de la Chaire) պաշ­տօ­նը։ Ան վեր­յի­շեց Լի­բանա­նի մէջ ան­ցուցած ման­կութեան եւ պա­տանե­կու­թեան իր տա­րինե­րը, երբ երա­զած էր յա­ճախել Սէն Ժո­զէֆ հա­մալ­սա­րան։ Խան­ճեան շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնեց Սէն Ժո­զէֆ հա­մալ­սա­րանին, ինչպէս նաեւ ընդհան­րա­պէս Լի­բանա­նին, որ առի­թը ըն­ծա­յած են հա­յու­թեան նուիրե­լու Արա Հրեշ­տա­կեան հա­յագի­տական ամ­բիոնը՝ լու­սա­ւորու­թեան, յի­շողու­թեան եւ նո­րարու­թեան այս նոր վայ­րը։

Վեր­ջին խօսք առ­նո­ղը եղաւ Արա Հրեշ­տա­կեան ամ­բիոնի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն դոկտ. Վա­հէ Թաշ­ճեան։ Ան բա­րեբախ­տութիւն հա­մարեց նոր ամ­բիոնին հաս­տա­տու­մը Արե­ւելեան գրա­դարա­նին մէջ, ուր կա­րելի է ո՛չ միայն հոն գտնուող հա­յերէն գիր­քե­րու հա­րուստ հա­ւաքա­ծոյէն օգ­տուիլ, այլ նաեւ զա­նոնք հարստաց­նել նոր գիր­քե­րով, ինչպէս նաեւ գրա­դարա­նին հետ գոր­ծակցա­բար կազ­մել հայ­կա­կան յի­շողու­թեան նիւ­թե­րու (հին լու­սանկար, ֆիլմ, վա­ւերա­թուղթ, ձե­ռագիր յու­շեր, եւ այլն) ար­խիւ մը։ Թաշ­ճեան անդրա­դար­ձաւ այս իմաս­տով իր 15-ամեայ փորձառութեան որպէս ընդհա­նուր տնօ­րէն Պերլին հաստատուած «Յու­շա­մատեան» կայ­քէ­ջին, որուն՝ աշ­խարհի չորս կող­մե­րէն բազ­մա­թիւ հա­յեր իրենց ըն­տա­նեկան նիւ­թե­րը թուայ­նա­ցուած տար­բե­րակով կը տրա­մադ­րեն։ Սէն Ժո­զէֆ հա­մալ­սա­րանի Արե­ւելեան գրա­դարա­նի շրջար­կին մէջ, այսպի­սի ըն­տա­նեկան նիւ­թեր կրնան այ­սուհե­տեւ ֆի­զիքա­պէս հա­ւաքուիլ եւ ար­խի­ւացուիլ։

Թաշ­ճեան այ­նուհե­տեւ կեդ­րո­նացաւ յա­տուկ ծրա­գրի մը վրայ, որ կրնայ դառ­նալ նոր ամ­բիոնին առա­ջին կա­րեւոր նա­խաձեռ­նութիւննե­րէն մէ­կը. Լի­բանա­նի եւ ընդհան­րա­պէս Մի­ջին Արե­ւել­քի հայ­կա­կան հա­մայնքնե­րուն մա­սին կայ­քէ­ջի մը ստեղ­ծումը՝ նպա­տակ ու­նե­նալով հա­մայնքա­յին եւ ըն­տա­նեկան կեան­քի յի­շողու­թեան վե­րականգնու­մը։ Վեր­ջա­պէս, ան յոյս յայտնեց որ նոր ամ­բիոնը միայն մաս­նա­գէտ­նե­րու հա­ւաքա­վայ­րը չըլ­լայ, այլ անոր գոր­ծունէու­թեամբ հե­տաքրքրուին նաեւ երի­տասարդներ բո­լոր կրթանքնե­րու պատ­կա­նող։ Միաժա­մանակ, Թաշ­ճեանի կար­ծի­քով, նոր ամ­բիոնը պէտք է հե­տաքրքրէ նաեւ ոչհա­յերը, որոնք հայ­կա­կան մշա­կոյ­թին եւ պատ­մութեան ճամ­բով պի­տի ծա­նօթա­նան ո՛չ միայն հայ­կա­կան ժա­ռան­գութեան, այլ նաեւ՝ լի­բանա­նեանին, եւ աւե­լի ընդհա­նուր առու­մով՝ հա­մամարդկա­յինին։

Արա Հրեշ­տա­կեան հա­յագի­տական ամ­բիոնի բաց­ման հան­դի­սու­թիւնը ամ­բողջու­թեամբ կրնաք դի­տել սոյն կա­պով՝ https://www.youtube.com/@chea-usj

Կրնաք հե­տեւիլ նաեւ ամ­բիոնի Instagram-ին՝ https://www.instagram.com/chea.usj/

 

Դոկտ. Ժոզէֆ Ռուսթոմ

«Հեքիաթ» երաժշտական խումբը

Հայր Սալիմ Տագգաշ

Փիթըր Հրեշտակեան

Արսինէ Խանճեան

Դոկտ. Վահէ Թաշճեան