Գաթրին Գոլոնայի յարգանքի տուրքը՝ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարտ Միրզոյեանի ուղեկցութեամբ, Ֆրանսայի Արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավար Գաթրին Գոլոնա Ապրիլ 28-ին այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցած սրբադասուած նահատակներու յիշատակին:

Այցելութեան աւարտին ան ջրած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոնի տնկած ծառը։

Նախարարուհին այցելած է նաեւ «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն

Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Գաթրին Գոլոնա,– Հայաստանի Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի ուղեկցութեամբ,– նոյն օրը այցելած է նաեւ «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն։ Ան ծաղկեպսակ զետեղած է Արցախեան պատերազմներուն զոհուած հայ զինուորներու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին առջեւ։

Խմբագրական