Ապրիլ 17-ին, Պրիթիշ Գոլումպիայի վարչապետ Տեյվիտ Էպիի եւ նախարար Ատրիան Տիքսի հրաւէրով եւ համագործակցութեամբ Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբին, տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակի ոգեկոչման արարողութիւնը՝ Պրիթիշ Գոլումպիա նահանգի Խորհրդարանէն ներս։
Նախարար Ատրիան Տիքսի ողջոյնի խօսքէն ետք, խորհրդարանի շէնքին առջեւ կատարուած է Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի բարձրացման արարողութիւնը։ Գանատահայ երիտասարդական միութեան անդամները ծածանած են Արցախի դրօշը եւ Պաքուի բանտերուն մէջ ապօրինի կալանքի տակ գտնուող հայ քաղաքական բանտարկեալներու լուսանկարներ՝ ի նշան բողոքի հայութեան դէմ Ազերպայճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ գործադրուող նոր ցեղասպանութեան։
Ոգեկոչման արարողութիւնը շարունակուած է խորհրդարանի պատուոյ սրահին մէջ, ուր ելոյթ ունեցած է Պրիթիշ Գոլումպիայի վարչապետ Տեյվիտ Էպի, որ կոչ ուղղած է միջազգային ընտանիքին դատապարտելու անցեալի եւ ներկայի բոլոր ցեղասպանութիւնները։ Անոր միացած են Կանաչներու կուսակցութեան երեսփոխան Ճերեմի Վալերիոթէ եւ Պահպանողականներու ներկայացուցիչ Սթիւ Գունըր, որոնք իրենց զօրակցութիւնը յայտնած են հայ ժողովուրդին:
Վարչապետ Էպիի կողքին ներկայ եղած են Պրիթիշ Գոլումպիայի աւելի քան 20 նախարարներ եւ խորհրդարանի անդամներ, ինչպէս նաեւ տեղական լրասփիւռներու ներկայացուցիչներ։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։