Պելճիքական ծանօթ Le Vif Weekend առցանց պարբերականը հրապարակած է Հին հռոմէական ժամանակաշրջանի (Ք.ա. 754/753 – Ք.ե. 476) ժառանգութեան վերաբերող լաւագոյն ճարտարապետական յուշարձաններու ցանկը: Ամէնէն գեղեցիկ 51 յուշարձաններու կարգին է նաև Գառնիի հայկական հեթանոսական տաճարը, որ կը գտնուի Հայաստանի Կոտայքի մարզի Ազատ գետի հովիտին մէջ։
Գառնին ցանկին 37-րդ տեղը կը գրաւէ։
Գառնիի տաճարը կառուցուած է Ք.Ե. առաջին դարուն` Հայոց Տրդատ Ա. թագաւորին կողմէ։ Ան միակ յուշարձանն է, որ պահպանուած է Հայաստանի տարածքին և թուագրուած՝ հեթանոսութեան ու հելլենականութեան դարաշրջանով։
Պարբերականին մէջ հրապարակուած ցանկը գլխաւորած է Հռոմի Գոլիզէն` աշխարհի ամէնէն մեծ ամփիթատրոնը և աշխարհի եօթը ժամանակակից հրաշալիքներէն մէկը:
Երկրորդ տեղը գրաւած է հին հռոմէական՝ երկինքի, լոյսի և ամպրոպի աստուած Ժիւփիթերին նուիրուած տաճարը, որու շինարարութիւնը սկսած է հռոմէական կայսր Անթոնինոս Պիոսի օրօք և աւարտած՝ Ներոն կայսեր ժամանակ (Ք.ա. 68-37). ան կը գտնուի հնագոյն Պաալպէք քաղաքին մէջ (Լիբանան):
Երրորդ տեղը յատկացուած է Հռոմի պանթէոնին կամ «Բոլոր աստուածներու տաճար»-ին, որ նուիրուած է հին հռոմէական աստուածներուն եւ կառուցուած է առաջին դարուն հռոմէական կայսր Հադրիանոսի հրամանով։