Ըստ MediaNews.am-ի՝ Գարեգին Բ. կաթողիկոս Հոկտեմբեր 31-ին բաւական երկար հանդիպում մը ունեցած է խումբ մը եպիսկոպոսներու հետ։ Քննարկուած է իրենց եւ մասնաւորաբար Կաթողիկոսին շուրջ ստեղծուած իրավիճակը։
Քննարկման առանցքային նիւթերը եղած են Գարեգին Բ.ի՝ զաւակ ունենալու փաստը եւ Արշակ Խաչատրեանի ապաբարոյ պահուածքը՝ գայթակղեցուցիչ տեսանիւթերու հարցով։
Եպիսկոպոսներու խումբ մը վճռականօրէն պահանջած է, որ Գարեգին Բ. ներկայացնէ իր հրաժարականը, պնդելով որ հակառակ պարագային՝ ա՛լ աւելի վնաս պիտի կրէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ համբաւը։
Ի պատասխան՝ Գարեգին Բ. ըսած է, թէ այդ հարցին մէջ միայն ինք չէ մեղաւորը։