Գարեգին Բ. Եւ Արամ Ա. կաթողիկոսները կը դատապարտեն Հռոմի համալսարանին մէջ կազմակերպուած հակահայ ձեռնարկը

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արձագանգը

«Սոյն թուականի Ապրիլ 10-ին, Հռոմի հե­ղինա­կաւոր ու նուիրա­կան Գրի­գորեան հա­մալ­սա­րանին մէջ Սուրբ Աթոռի՝ Ազերպայճանի դեսպանութեան, եւ ազերպայճանական որոշ կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է «Քրիս­տո­նէու­թիւնը Ազեր­պայճա­նի մէջ. պատ­մութիւն եւ ար­դիակա­նու­թիւն» վերտառութեամբ միջոցառում մը՝ տարբեր երկիրներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։

Ազերպայճանական քարոզչամեքենայի նախաձեռնութեամբ կրկին անգամ փորձ կատարուած է ժխտելու Հայաստանի եւ Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան հայկական պատկանելիութիւնը, խեղաթիւրելու պատմական իրողութիւնները՝ զայն հետագային իւրացնելու չարամիտ նպատակով։

Այս ամէնը տեղի կ’ունենայ, երբ տակաւին միջազգային հանրութեան կողմէ պատշաճ գնահատականներ չեն տրուած Ազերպայճանի  ցեղասպան գործողութիւններուն, Արցախէն բռնի տեղահանուած հայութեան իրաւունքներու ոտնահարման, Պաքուի մէջ բանտարկուած հայ ռազմագերիներու նկատմամբ իրականացուող անօրինական ու նուաստացուցիչ արարքներուն, Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան իւրացման եւ հայկական հետքերու ի սպառ ոչնչացման դէպքերուն։

Կը ցաւինք, որ նշեալ նուիրական բարձրագոյն կրթական հաստատութեան յարկին տակ թոյլատրուած է կազմակերպել նման հակագիտական միջոցառում մը։

Այս առնչութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը միջեկեղեցական հաղորդակցութեան ընկալեալ շրջանակներուն մէջ պիտի նախաձեռնէ անհրաժեշտ քայլեր»։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.-ի նամակը՝ կարդինալ Ք. Կիւճերոթթիին

Ապրիլ 11-ին, Վատիկանի Արեւելեան Կաթոլիկ Եկեղեցիներու բաժանմունքի ընդհանուր պատասխանատուին՝ կարդինալ Ք. Կիւճերոթթիին ուղղած իր նամակին մէջ, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով Վատիկանի «Գրիգորեան» համալսարանին մէջ այս օրերուն տեղի ունեցող «Քրիստոնէութիւնը Ազերպայճանի մէջ» վերտառութեամբ համագումարին, իր խոր ցաւն ու ընդվզումը յայտնած է:

Նորին Սրբութիւնը նշած է, թէ յիշեալ համագումարին միակողմանի կերպով կազմակերպումը, առնչուած անոր քննարկելիք նիւթերուն ու դասախօսներուն, յատկապէս հայ եկեղեցւոյ հետ աղերս ունեցող նիւթերուն, եւ հայ դասախօսներուն բացակայութիւնը, բացայայտ անարդարութիւն մըն է պատմական ճշմարտութեան դէմ:

Նոյն նամակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուցած է Ազերպայճանի իշխանութեան կողմէ կազմակերպուած բռնի տեղահանումը Արցախի հայ ժողովուրդին, որպէս հետեւանք անոր ցեղասպանական քաղաքականութեան:

Միաժամանակ Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդգծելով Վատիկանի իշխանութիւններուն ցուցաբերած դրական մօտեցումը Արցախի հայութեան առնչուած հարցերուն նկատմամբ՝ յայտնած է, թէ վստահ ենք, որ Վատիկանի իշխանութիւնները չեն բաժներ յիշեալ համագումարին միակողմանի ու անճիշդ մօտեցումները: