Գարեգին Բ. կաթողիկոսի (Կտրիճ Ներսիսեան) եղբայրը՝ Գէորգ Ներսիսեան եւ իր որդին ձերբակալուած են։ Այս մասին տեղեկութիւնը յայտնած է փաստաբան Արա Զօհրապեանը՝ նշելով, որ որոշում կայացուած է զանոնք կալանաւորելու նպատակով դատարան տանելու։
Ներսիսեանները կը մեղադրուին խուլիգանութեան եւ Էջմիածնի (Վաղարշապատ) մէջ թեկնածուի մը քարոզարշաւը խոչընդոտելու արարքներու յանցանքներով։
Նախապէս, Վաղարշապատի համայնքին մէջ «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան թեկնածու Յարութիւն Մկրտչեանը յայտարարած էր, թէ Ոսկեհատ բնակավայր կատարած այցի մը ընթացքին՝ Գէորգ Ներսիսեանը (որ նախկին համայնքապետ է) ու իր որդիները «դիտումնաւոր խոչընդոտած են» իրենց օրինական քարոզարշաւը։
Ըստ թեկնածուին՝ անոնք «բաց եւ սուր բախում հրահրած են» իրենց խումբին հետ, հայհոյանքներ ու անուանարկումներ տեղացուցած են՝ առանց նկատի առնելու «նոյնիսկ տարիքային սահմանափակում ու սեռային պատկանելիութիւն», ինչպէս նաեւ հոգեբանական ճնշում գործադրած բնակիչներուն վրայ։
Ոստիկանութիւնը յանցագործութեան մասին հաղորդում ներկայացուցած է Քննչական կոմիտէ։