ԳԵՐՄԱՆԻԱ – Հայաստանի ազգային պատկերասրահի գանձերը պիտի ցուցադրուին Պերլինի մէջ 

Արշակ Ֆէթվաճեանի անկրկնելի ստեղծագործութիւնները պիտի ներկայացուին Պերլինի միջազգային փառատօնին՝ «100 + 10 – Հայկական այլաբանութիւններ» խորագրով։ 

Հայաստանի ազգային պատկերասրահի հաղորդման համաձայն՝ Խորանաշատի, Անիի, Արցախի, Գանձակի ճարտարապետական փառահեղ կոթողներու, եկեղեցիներու ու տաճարներու, բերդերու ու պարիսպներու՝ վաւերագրական ճշգրտութեամբ կատարուած Արշակ Ֆէթվաճեանի գծանկարները Ապրիլ 24-էն Մայիս 31 պիտի ցուցադրուին Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի մէջ, Ամսթերտամէն, Պոլսէն եւ Կէօթըպորկէն ժամանած շուրջ քառասուն արուեստագէտներու աւելի քան 80 աշխատութիւններու կողքին։ 

Միջազգային սոյն փառատօնը կ՚ընդգրկէ միջազգային անդրանիկ ներկայացումներ, գրական եւ համերգային ձեռնարկներորոնք տեղի պիտի ունենան Պերլինի ամէնէն հին՝ «Մաքսիմ Կորքի» թատրոնին մէջ եւ անոր շրջակայքին։ 

Այս ցուցահանդէսը հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ վերարժեւորման ուղերձը կրող երկխօսութիւն մըն է Հայաստանի սահմաններէն դուրս, որով սկիզբ կ՚առնէ Հայաստանի ազգային պատկերասրահի 2025-ին նախատեսուած միջազգային ցուցահանդէսներու շարքը։