Ապրիլ 5-ին, Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը մասնակցած է Պերլինի մէջ տեղի ունեցած «Ֆրանսախօսութեան տօն» խորագրեալ տարեկան փառատօնին, որուն հրաւիրուած են Պերլին գտնուող բոլոր ֆրանսախօս երկիրներու դեսպանութիւնները:
Փառատօնի ծիրէն ներս կազմակերպուած են զանազան ձեռնարկներ, ներառեալ՝ ֆիլմերու ցուցադրութիւններ, ազգային երաժշտական ելոյթներ, ազգային խոհանոցներու համտեսումներ եւ մանկական ծրագրեր:
Հայաստանի տաղաւարին մէջ ներկայացուած են տնտեսութեան եւ զբօսաշրջութեան վերաբերող տեղեկատուական նիւթեր, ինչպէս նաեւ հայկական անուշեղէններ եւ գինիներ: Ցուցադրուած է Վահան Գրիգորեանի «Ցեխը» կարճ ֆիլմը՝ ֆրանսերէն ենթագրերով։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։