Գերմանիոյ Ներքին գործոց նախարար Ալեքսանտր Տոպրինթ ծագումով թուրք Սինան Սելենը նշանակած է պետ Գերմանիոյ Սահմանադրութեան պաշտպանութեան դաշնակցային գրասենեակի (Bundesamt für Verfassungsschutz), որ պատասխանատու է ներքին հետախուզութեան։
Առաջին անգամն է, որ Գերմանիոյ մէջ գաղթականի մը կը վստահուի պետութեան անվտանգութեան համակարգին մաս կազմող հիմնարկի մը ղեկավարութիւնը։
Սելեն, ցարդ նշեալ Գրասենեակի փոխնախագահն էր եւ տասը ամիսէ ի վեր ալ առժամաբար կը վարէր նախագահութեան պաշտօնը, այդ աթոռը թափուր մնացած ըլլալով։ Անոր նշանակումը այժմ պաշտօնապէս հաստատուած է եւ ըստ գերմանական մամուլին՝ Սելեն Սեպտեմբեր 15-ին պաշտօնապէս կը ստանձնէր իր պարտականութիւնները՝ գլխաւորելով շուրջ 4 200 աշխատակից ունեցող հիմնարկը։
Սինան Սելեն ծնած է Պոլիս, 1973-ին։ Լրագրող ծնողներուն աշխատանքին բերմամբ՝ ան չորս տարեկանին Գերմանիա փոխադրուած է։ Սելեն իրաւաբանութիւն ուսանած է Քէօլնի համալսարանին մէջ։
Ապա, ան աշխատած է իբրեւ վարչական իրաւաբան՝ Ներքին գործոց նախարարութեան եւ Դաշնակցային քրէական ոստիկանութեան մէջ։
Յունուար 2019-ին նշանակուած է Սահմանադրութեան պաշտպանութեան դաշնակցային գրասենեակի փոխնախագահ։ Ըլլալով միջազգային ահաբեկչութեան ծանօթ մասնագէտ մը, այսօր ան կը հասնի երկրի անվտանգութեան ամենազգայուն պաշտօններէն մէկուն գլուխը։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։