Մարտ 31-ին, Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը (ԿԸՅ) հաղորդած է Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութիւններուն՝ Գիւմրիի 82 ընտրական շրջաններէն 81-ի արդիւնքները.
«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւն՝ 16 938,
Հայաստանի համայնավար կուսակցութիւն՝ 9 537,
«Ապրելու երկիր» կուսակցութիւն՝ 1 658,
«Մայր Հայաստան» կուսակցութիւններու դաշինք՝ 2 844,
Հայաստանի աշխատաւորական ընկերվարական կուսակցութիւն՝ 642,
«Եւրոդաշինք» կուսակցութիւններու դաշինք՝ 2 071,
«Դեմոկրատական այլընտրանք» կուսակցութիւն՝ 1 387,
«Մեր քաղաքը» կուսակցութիւններու դաշինք՝ 7 296,
«Իմ հզօր համայնք» կուսակցութիւն՝ 3 659։
ԿԸՅ-ը հրապարակած է Արմաւիրի մարզի Փարաքար համայնքի ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներն ալ.
«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը ստացած է 3 հազար 669 քուէ, «Միասնութիւն» կուսակցութիւններու դաշինքը՝ 6 հազար 508, «Ազգային առաջընթաց» կուսակցութիւնը՝ 900, «Կայունութիւն» կուակցութիւնը» 426 ձայն։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորած է ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրած քաղաքական ուժերը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։