Քննչական կոմիտէն յայտարարած է, թէ Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած զանգուածային անկարգութիւններուն մասնակից 29 անձերու նկատմամբ յարուցուած է հանրային քրէական հետապնդում, այս մասին ներկայացնելով մանրամասնութիւններ։
«Ձեռք բերուած են փաստական տուեալներ որոնք կը վկայեն, որ 2025 Հոկտեմբեր 20-ին, Գիւմրիի համայնքապետարանի վարչական շէնքին մէջ Կաշառակերութեան դէմ պայքարի յանձնախումբին վարած քրէական գործընթացի շրջանակին մէջ՝ քննիչներու կատարած քննչական գործողութիւնները խոչընդոտելու նպատակով, Գիւմրիի համայնքապետարանի վարչական շէնքին մէջ ու մօտակայքը հաւաքուած են խումբ մը անձեր, որոնք զանազան գործողութիւններով միջամտած են գործի քննութեան եւ հասարակական անվտանգութեան սպառնացող զանգուածային անկարգութիւններ կատարած են։
Վերջիններս յատկապէս կոչեր հնչեցուցած են խափանելու համայնքապետարանի վարչական շէնքի մուտքերը, որպէսզի կարելի չըլլայ տեղափոխել ձերբակալուած ու համայնքապետարանի վարչական շէնքին մէջ գտնուող անձերը, վնաս հասցուցած են Ոստիկանութեան ծառայողական փոխադրամիջոցի անիւներուն, համայնքապետարանի վարչական շէնքի գոյքին, այդ ընթացքին բռնութիւն գործադրած են իրենց օրինական ծառայութիւնը կատարող ոստիկաններուն նկատմամբ, անոնց ուղղութեամբ նետած են հրկիզող նիւթեր եւ շիշեր, վերջիններուս հասցէին հնչեցուցած են վիրաւորական արտայայտութիւններ»,– նշուած է ՔԿ—ի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։
Քրէական վարոյթի նախաքննութեան ընթացքին ձերբակալուած է 37 հոգի։ Անոնցմէ 29-ին նկատմամբ յարուցուած է հանրային քրէական հետապնդում՝ զանգուածային անկարգութիւններուն մասնակցելու, նախնական համաձայնութեամբ արդարադատութեան իրագործման կամ գործի քննութեան միջամտելու, զանգուածային անկարգութիւններու մասնակցութեան դրդելու մեղադրանքներով։
Նախաքննութիւնը կը շարունակուի։