Գիւմրիի ՏԻՄ ընտրութիւններու քուէարկութեան արդիւնքները

Մարտ 31-ին, Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը հրապարակած է Գիւմրիի Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու բոլոր (82) ընտրական տեղամասերու քուէարկութեան արդիւնքները։

«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւն՝ 17.183,

Հայաստանի համայնավարական կուսակցութիւն՝ 9.727,

«Ապրելու երկիր» կուսակցութիւն՝ 1.694,

«Մայր Հայաստան» կուսակցութիւններու դաշինք՝ 2.902,

Հայաստանի աշխատաւորական ընկերվարական կուսակցութիւն՝ 651,

«Եւրոդաշինք» կուսակցութիւններու դաշինք՝ 2.111,

«Դեմոկրատական այլընտրանք» կուսակցութիւն՝ 1.406,

«Մեր քաղաքը» կուսակցութիւններու դաշինք՝ 7.380,

«Իմ հզօր համայնք» կուսակցութիւն՝ 3.734։

Մարտուն Գրիգորեան. «“Քաղաքացիական պայմանագիր”-ը Գիւմրիի մէջ քաղաքապետ պիտի չունենայ»

«Մեր քաղաքը» դաշինքի թեկնածու Մարտուն Գրիգորեան Մարտ 31-ի երեկոյեան հրապարակած է յայտարարութիւն մը, նշելով հետեւեալը.

«Սիրելի՛ գիւմրեցիներ, կը վերահաստատեմ ըսածս. “Քաղաքացիական պայմանագիր”-ը Գիւմրիի մէջ քաղաքապետ պիտի չունենայ, դա հաստատ է»:

***

Նշենք, թէ «Մեր քաղաքը» դաշինքը Գիւմրիի ՏԻՄ ընտրութիւններուն՝ երրորդ ամէնէն շատ քուէ ստացած ուժն է եւ նոյն այդ դաշինքէն կախեալ է Հանրապետութեան երկրորդ քաղաքի յաջորդ քաղաքապետութեան դիմագիծը։