Գիւմրիի քաղաքապետը եւ 7 այլ անձեր ձերբակալուեցան՝ կաշառակերութեան կասկածով

Վարդան Ղուկասեան

Բախումներ՝ համայնքապետարանին առջեւ

Հայաստանի Կաշառակերութեան դէմ պայքարի յանձնախումբը, լայնածաւալ հետախուզական գործողութիւններէ ետք՝ յայտարարեց, որ փաստական տուեալներ ձեռք բերուած են Գիւմրիի համայնքապետ Վարդան Ղուկասեանի եւ գլխաւոր ճարտարապետին կողմէ կաշառք պահանջելու եւ ստանալու դէպքերու վերաբերեալ։ Ասոր հետեւած է Հոկտեմբեր 20-ին, քրէական վարոյթի շրջանակին մէջ ութ անձերու, ներառեալ՝ համայնքապետին նկատմամբ, քրէական հետապնդում յարուցելու եւ զանոնք ձերբակալելու որոշուման կայացում։

Մեղադրանքները

Ըստ Կաշառակերութեան դէմ պայքարի յանձնախումբին՝ համայնքապետն ու գլխաւոր ճարտարապետը տեղեկանալով, որ քաղաքացիի մը կողմէ Գիւմրիի Գարեգին Նժդեհ փողոցին վրայ կառուցուած է շուրջ 1500 քառ. մեթր մակերեսով ապօրինի շինութիւն մը, որ պէտք է քանդուէր, նախնական համաձայնութեան եկած են քաղաքացիին հետ «կաշառք»-ի գործարքի մը մէջ մտնելու՝ խոստանալով ոչ միայն չձեռնարկել քանդումին, այլեւ՝ կեղծ փաստաթուղթեր կազմելով՝ շինութիւնը օրինականացնել. ատոր դիմաց պահանջած են 4 միլիոն դրամ կաշառք։

Ասկէ զատ, փաստեր ձեռք բերուած են, որ «յանցաւոր խումբը» թիրախաւորած է համայնքի աւագանիի իրենց համար «անցանկալի» անդամները՝ անոնց վերաբերեալ տեղեկութիւններ հաւաքելով, շանթաժի միջոցով զանոնք վերահսկելի դարձնելու միտումով։

Յանձնախումբը կը նշէ նաեւ, որ համայնքապետը նախաձեռնած է իր կողմէ օգտագործուող համայնքային հողամաս մը արհեստական հիմքերով իրեն մօտիկ անձի մը անունով սեփականաշնորհելու, նաեւ իր մերձաւոր ազգականին պատկանող ապօրինի շինութիւն մը օրինականացնելու գործընթացներու։ Բացի ասկէ, կասկած կայ, որ գլխաւոր ճարտարապետը 6 այլ պարագաներու՝ քաղաքացիներէ տարբեր չափերով կաշառքներ ստացած է։

Քննչական յանձնախումբը դիմած է դատարան՝ Վարդան Ղուկասեանը բանտարկելու համար։

Բախումներ եւ զանգուածային անկարգութիւններ

Վարդան Ղուկասեանի ձերբակալման լուրէն ետք, Գիւմրիի համայնքապետարանին առջեւ հաւաքուեցան քաղաքացիներ՝ ի պաշտպանութիւն անոր։ Երբ ոստիկանները փորձեցին շէնքէն դուրս հանել Ղուկասեանը, բախումներ տեղի ունեցան ցուցարարներուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ։ Ոստիկանութիւնը բազմաթիւ անձեր ոստիկանատուն տարաւ։

Այս իրադարձութիւններուն հետեւանքով, ՀՀ Քննչական յանձնախումբի Շիրակի մարզային վարչութիւնը քրէական գործընթացի նախաձեռնեց՝ զանգուածային անկարգութիւններուն մասնակցելու, արդարադատութեան գործադրումը խոչընդոտելու եւ պաշտօնատար անձի օրինական գործունէութեան միջամտելու յատկանիշերով։ Քննչական կոմիտէն կը նախազգուշացնէ, որ իրաւապահ մարմիններու գործունէութեան խոչընդոտումը կրնայ յանգեցնել պատիժի։

ԿԳՄՄ նախարարութեան արձագանգը

Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութիւնը ահազանգեր ստացած է, որ Գիւմրիի որոշ նախակրթարաններու մէջ ուսումնական գործընթացը խաթարուած է, երեխաները ժամէն շուտ տուն ղրկուած են, ծնողներուն կամ անձնակազմին յորդորուած է մասնակցիլ բողոքի հանրահաւաքին։ Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ այս գործողութիւնները կը խախտեն երեխաներու կրթութեան իրաւունքը եւ օրէնսդրութեան պահանջները, այլ խօսքով՝ կ՚ոտնակոխուի ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ քաղաքական քարոզչութեան արգելքը։ Նախարարութիւնը կը նախազգուշացնէ տնօրէնները, որ ապահովեն անխափան ուսումնական ծրագիրը եւ պատրաստուին հաղորդում ներկայացնելու իրաւապահ մարմիններուն։

ՄԻՊի ուսումնասիրութիւնը

Մարդկային իրաւանց պաշտպանի գրասենեակը կ՚ուսումնասիրէ Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները։ ՄԻՊի Շիրակի մարզային ներկայացուցիչը այցելած է ոստիկանութեան բաժին՝ ծանօթանալու համար ոստիկանատուն տեղափոխուած անձերու իրաւունքներու վիճակին։ Գրասենեակը տեղեկութիւններ ստացած է քաղաքացիներու նկատմամբ «երեւութապէս անհամաչափ ուժ»-ի կիրարկման եւ մանկապարտէզներու բնականոն աշխատանքի խաթարման մասին, որ իր ազդեցութիւնը ունեցած է երեխաներու կրթութեան իրաւունքին վրայ։ Պաշտպանը կ՚ընդգծէ, որ բոլոր գործընթացներուն մէջ պէտք է առաջնորդուիլ բացառապէս երեխայի լաւագոյն շահին սկզբունքով։

***

Վարդան Ղուկասեան Գիւմրիի համայնքապետ ընտրուած է «Բալասանեան դաշինք» կոչուող ընտրական դաշինքի ցանկէն։

Այսինքն, ան ուղղակի Հայաստանի մէջ գործող հիմնական կուսակցութիւններէն (ինչպէս՝ «Քաղաքացիական պայմանագիր», «Հայաստան» դաշինք եւ այլն) որեւէ մէկուն անդամ չէ որպէս համայնքապետ։

«Բալասանեան դաշինք»-ը համայնքային մակարդակի վրայ ձեւաւորուած դաշինք մըն է, որ 2021-ի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն յաղթանակ տարած էր Գիւմրիի մէջ։ Վարդան Ղուկասեան դաշինքի ցանկին առաջին դիրքին վրայ գտնուելով՝ դարձած էր համայնքապետ։