ԳՀԽ ժողովը անդրադարձած է «Մայր Աթոռի նկատմամբ բռնաճնշումներուն, 10 եպիսկոպոսներու խոտոր ընթացքին»

Դեկտեմբեր 18-ին, Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) հայաստանաբնակ անդամներու ժողով։

«Ժողովին անդրադարձ կատարուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի նկատմամբ իրականացուող բռնաճնշումներուն, տասը եպիսկոպոսներու խոտոր ընթացքին եւ ատոր պառակտիչ հետեւանքներուն, Եկեղեցւոյ շուրջ տիրող իրավիճակի յաղթահարման ուղիներուն։

Քննարկման առարկայ դարձան հոգեւորականներու ու Եկեղեցւոյ հաւատաւոր զաւակներու նկատմամբ իրականացուող ապօրինի հետապնդումները եւ քրէական վարոյթներով իրաւական գործընթացները։ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը վերահաստատեց իր պահանջը ՀՀ իրաւապահ եւ դատական մարմիններէն, որ արդարադատութիւն, օրինականութիւն ապահովուի շինծու մեղադրանքներով ազատազրկուած հոգեւորականներու, ազգային բարերարի եւ այլ նուիրեալ հայորդիներու նկատմամբ։ Շեշտուեցաւ, որ Մայր Աթոռը բոլոր հասանելի օրինական միջոցներով պէտք է հետամուտ ըլլայ Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներու իրաւունքներու պաշտպանութեան, եկեղեցապատկան բռնազաւթուած սրբավայրերու վերադարձման»,– ըսուած է Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգի հաղորդագրութեան մէջ։

«Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը դատապարտելի նկատեց իշխանութիւններուն, անձամբ վարչապետին միջամտութիւնները Հայոց եկեղեցւոյ ներքին կեանքին, կանոնական դրոյթներուն, ինչ որ կը հակասէ հայրենի երկրի Մայր օրէնքին, կը վիրաւորէ մեր ժողովուրդի կրօնական ապրումները եւ կ՚ոտնահարէ Հայոց եկեղեցւոյ իրաւունքներն ու դարերով նուիրագործուած աւանդութիւնները։

Մասնաւորաբար քննութեան առնուեցաւ նաեւ վարչապետի ներկայութեամբ մատուցուող պատարագներուն հարկադրաբար Ամենայն հայոց կաթողիկոսի եւ թեմակալ առաջնորդի անուններու զանցառման հարցը։ Ընդգծուեցաւ, որ սոյն երեւոյթը Նոյեմբեր 26-ի եպիսկոպոսաց ժողովին ընթացքին միաձայն դատապարտուած էր որպէս եկեղեցաբանական տեսանկիւնէ հակականոնական, որ կրնայ յանգեցնել հերձուածի։ ԳՀԽ անդամները տարակուսելի նկատեցին ժողովական որոշման կողմ հանդէս եկած որոշ եպիսկոպոսներու հետագային մասնակից դառնալը իշխանութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած աղճատուած արարողութիւններուն»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

«Անդրադառնալով տասը եպիսկոպոսներու խոտոր ընթացքին, միաբանութենէն ինքնամեկուսացման եւ ԳՀԽ անդամ եպիսկոպոսներու բացակայութեան ժողովներէն՝ ԳՀԽ-ն իր մտահոգութիւնը արտայայտեց վերջիններուս որդեգրած պառակտիչ կեցուածքին առնչութեամբ՝ զայն դիտարկելով իբրեւ խախտում անոնց հոգեւոր ուխտին եւ հարուած՝ Եկեղեցւոյ միասնականութեան։

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը անընդունելի նկատեց նաեւ եպիսկոպոսներուն բարձրացուցած անհիմն մեղադրանքները եւ զանոնք արծարծելու կերպերը՝ շեշտելով կարեւորութիւնը՝ պարտադրուած, հակականոնական օրակարգերէն անոնց հրաժարելուն, Մայր եկեղեցւոյ գիրկը վերադառնալուն՝ առաջնորդուելով բացառապէս եկեղեցական կանոնական ընթացակարգերով»,– կը յայտնէ Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգը։

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը հրատապ համարած է Եպիսկոպոսաց ժողովի գումարումը մօտ ապագային։ Այս կապակցութեամբ տրուած են համապատասխան յանձնարարականներ, նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Ժողովին առաջարկ ներկայացուած է համապատասխան քայլերու ձեռնարկելու միջազգային կազմակերպութիւններու եւ իրաւապաշտպան կառոյցներու հետ գործակցութեան ուղղութեամբ՝ «կասեցնելու պետական քարոզչամեքենային կողմէ Եկեղեցւոյ շուրջ առկայ իրավիճակին վերաբերեալ տարածուող թիւր ընկալումները»։

«Անդրադարձ կատարելով ժողովէն առաջ՝ Երեկոյեան ժամերգութեան, Մայր Տաճարի շրջափակէն ներս եպիսկոպոսաց կազմակերպած հաւաքին պատճառով հրահրուած անկարգութիւններուն՝ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը դատապարտեց վանքի հոգեւոր մթնոլորտը խաթարած հակաօրինական գործողութիւնները։ Ժողովականները իրենց գնահատանքը յայտնեցին հաւատաւոր ժողովուրդին՝ հակառակ կազմակերպուած խժդժութիւններուն՝ դրսեւորած զգօնութեան, եկեղեցանուիրումին եւ հաւատարմութեան համար»,– ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Դեկտեմբեր 18-ին նաեւ հաղորդուած է, որ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը փոփոխած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի կազմը, որուն պատճառով Գարեգին Բ.-ի հրաժարականը պահանջող 10 եպիսկոպոսները իրենց դժգոհութիւնը յայտնած են ու անվաւեր նկատած են ԳՀԽ-ի վերոնշեալ ժողովը (այս մասին անոնց հաղորդագրութիւնը տե՛ս. ստորեւ)։

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի կազմին մէջ Կաթողիկոսին կատարած փոփոխութիւնները

Ինչպէս վերեւ ըսինք, Գարեգին Բ. կաթողիկոսը փոփոխութիւն կատարած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի կազմին մէջ։ Այս մասին Մայր Աթոռէն յայտարարած են.

«ԳՀԽ կազմին մէջ փոփոխութիւններ տեղ գտած են պայմանաւորուած եկեղեցական անդամներու առաջնորդական հանգամանքի փոփոխութեամբ, երբ թեմակալ նոր առաջնորդները իրաւունքի ուժով փոխարինած են իրենց նախորդները, ինչպէս ԱՄՆ Հայոց Արեւելեան թեմի, Ֆրանսայի հայոց թեմի, Արցախի թեմի, այդպէս ալ Վիրահայոց թեմի պարագային»,– ըսուած է Մայր Աթոռի հաղորդագրութեան մէջ։

Ըստ Էջմիածնի՝ փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են նաեւ՝ նկատի ունենալով որոշ անդամներու յաճախակի բացակայութիւնները, առողջական խնդիրները եւ ԳՀԽ անդամ բարձրաստիճան եկեղեցականներու ազատազրկուած ըլլալուն հանգամանքը։

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի կազմի 21 անդամի ընտրութիւնը կը կատարուի ըստ աշխարհամասերու. 2 աշխարհական Հայաստանէն, 2-ը՝ Արեւելեան կիսագունդէն եւ 1-ը՝ Արեւմտեան կիսագունդէն։ 21 անդամներէն երկուքը՝ Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդը եւ Մայր Աթոռի դիւանապետը, ի պաշտօնէ անդամ են։ Մնացեալ 19-էն 12-ը կ՚ընտրուին, իսկ 7-ը՝ կը նշանակուին Ամենայն հայոց կաթողիկոսին կողմէ։

Եկեղեցական ընտրելի անդամներուն համար սահմանուած է 2 անձ Հայաստանէն եւ 5-ը՝ Սփիւռքէն։ Այսպիսով՝ ԳՀԽ անդամները կ՚ընդգրկուին ըստ աշխարհամասերու եւ թեմերու մեծութեան։

«Կաթողիկոսին հրաւիրած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի նիստը անվաւեր է»

Ի պատասխան այս փոփոխութեան՝ Կաթողիկոսին հրաժարականը պահանջած եպիսկոպոսներն ու արքեպիսկոպոսները հրապարակած են հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«Սոյն թուականի Դեկտեմբեր 15-ին, Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի շարք մը անդամներու տեղեկացուցած է, որ Հայրապետական տնօրինութեամբ դադրեցուցած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (այսուհետեւ՝ ԳՀԽ) կազմէն ներս անոնց լիազօրութիւնները՝ առանց նշելու հիմքերն ու պատճառները։

Սրբազաններուն մէկ մասը ԳՀԽ-ի անդամ ընտրուած է չորս տարուան համար՝ 2017 Յունիս 6-8-ին Մայր Աթոռի մէջ գումարուած Եկեղեցական-Ներկայացուցչական Ժողովին (այսուհետեւ՝ ԵՆԺ) կողմէ։

Ըստ վերոյիշեալ կանոնադրութեան՝ երկու տարին անգամ մը պէտք է հրաւիրուի ԵՆԺ ժողով, եւ ԳՀԽ կանոնադրութեան համաձայն՝ չորս տարին բոլորած անդամին լիազօրութիւնները դադրելու պարագային պէտք է կատարուին ԳՀԽ անդամներու նոր ընտրութիւններ։

Ամենայն հայոց կաթողիկոսի լիազօրութիւններու սահմաններուն մէջ երկու տարին անգամ մը պէտք էր հրաւիրուէր ԵՆԺ եւ կատարուէր ԳՀԽ անդամներու նոր ընտրութիւն։

Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ գործադիր իշխանութեան մարմինը շարունակած է գործել՝ խախտելով ԳՀԽ կանոնադրութիւնը։ Բնականաբար, հարցեր կը ծագին՝ մասնաւորապէս 2021 թուականէն սկսեալ ԳՀԽ-ի գործունէութեան իրաւասութեան եւ կայացուած որոշումներու օրինականութեան վերաբերեալ։ ԵՆԺ եւ ԳՀԽ կանոնադրութիւններուն մէջ կը բացակային նաեւ այն կարգաւորումները, որոնք կրնան հիմք ծառայել Եկեղեցւոյ բարձրագոյն մարմիններու ժողովներու գումարումին թերացման համար։ Այս բոլորը յաւելեալ մէկ վկայութիւնն են Գարեգին Բ. կաթողիկոսի միանձնեայ, կանոնախախտ գործունէութեան, որ յանգեցուցած է Մայր Աթոռի ու Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ կառավարման ճգնաժամին։

Վերստին կը յիշեցնենք, որ եպիսկոպոսաց դասի ներկայացուցիչներուս կողմէ բազմիցս բարձրացուած են Եկեղեցւոյ թերի կառավարման վերաբերող լրջագոյն խնդիրները, եւ մեր վերջին հանրային յայտարարութիւններուն մէջ մատնանշուած են անոնց հանգուցալուծման կարելիութիւնները՝ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը հանգիստի կոչելու, նոր կանոնադրութիւն մշակելու եւ ընդունելու՝ հիմնուելով Հայ առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ աւանդութեան եւ առաքելութեան վրայ։

Նկատի ունենալով ԵՆԺ եւ ԳՀԽ կանոնադրութիւններու կոպիտ եւ կամայական խախտումները, այս մարմիններու գործունէութեան լիազօրութիւններու չարաշահումները, պարզ կը դառնայ, որ Դեկտեմբեր 18-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին կողմէ հրաւիրուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի նիստը անվաւեր է, իսկ 2021-էն ետք այս մարմինին կայացուցած որոշումները կրնան դիտարկուիլ ոչ-իրաւաչափ։ Անհրաժեշտ է անյապաղ դադրեցնել ներկայ ԳՀԽ-ի գործունէութիւնը եւ նոր անդամներու նշանակումը՝ մինչեւ Եկեղեցական ներկայացուցչական նոր ժողովի հրաւիրումը»,— նշուած է յայտարարութեան մէջ։