Հ.Մ.Ը.Մ. Ֆրանսի մշակութային եւ մարզական կեդրոնին,– որ կը գտնուի Իսի-լէ-Մուլինօ, Ռապըլէ փողոց թիւ 9 հասցէին,– պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 22 Նոյեմբեր 2025-ին։ Այս իրադարձութիւնը պատմական անկիւնադարձ մը կը նշէ միութեան համար՝ Եւրոպայի տարածքին՝ իր տեսակին մէջ առաջին համալիրի բացումով։
Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հ.Մ.Ը.Մ. Ֆրանսի վարչութեան անդամները, նախկին վարիչներ, սկաուտներ, ինչպէս նաեւ երէկուան ու այսօրուան մարզիկներ՝ շրջապատուած տեղւոյն հայ համայնքով։

Ձախէն՝ Լեւոն Պաղտասարեան, Յակոբ Խաչերեան, Հուսսամ Հարիրի, Հրաչ Սիսեռեան եւ Յարութ (Արթիւր) Խանճեան կը կտրեն ժապաւէնը
Շուրջ 1200-1300 հոգի գնահատուած խուռներամ բազմութեան մը ներկայութեամբ, բացումը սկսաւ ժապաւէնի աւանդական հատումով, որուն յաջորդեց սկաուտական տողանցքը։ Յուզումը շօշափելի էր Ֆրանսայի, Հայաստանի եւ Արցախի փառերգերու կատարման ընթացքին, որոնք փայլուն կերպով մեկնաբանուեցան սոփրանօ Լուսինէ Լեւոնիի կողմէ, եւ որոնց անմիջապէս յաջորդեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներու քայլերգը՝ «Յառաջ Նահատակ»-ը, զոր միասնաբար երգեցին սկաուտներն ու ներկաները։

Գրիգոր եպիսկ. Խաչատրեան կ՚օրհնէ կեդրոնը
Այնուհետեւ, Ֆրանսայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպիսկ. Խաչատրեան, ընկերակցութեամբ Տէր Աւետիսի (Իսի-լէ-Մուլինօ) եւ Տէր Տիրայրի (Ալֆորվիլ), օրհնեց Կեդրոնը։
Պաշտօնական ելոյթներու շարքը բացաւ Հրաչ Սիսեռեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ, Հ.Մ.Ը.Մ. Ֆրանսի նախկին ատենապետ, Իմաստուններու խորհուրդի անդամ եւ ծրագրին իսկական ռահվիրան։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մեծ ու փոքր նուիրատուներուն, ինչպէս նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ Իսի-լէ-Մուլինոյի քաղաքապետարանին։ Ողջունեց անվերապահ աջակցութիւնը «հայերու իսկական բարեկամ» քաղաքապետ Անտրէ Սանթինիի, ժողովրդավարական մասնակցութեան հարցերու փոխ-քաղաքապետ Յարութ Արթիւր Խանճեանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան, որոնք զօրավիգ կանգնեցան այս հսկայական ծրագրին։ Պրն Սիսեռեան յղեց նաեւ զօրաւոր պատգամ մը. «Շնորհակալ եմ անոնց, որոնք մեզ կը յուսալքէին այս ճամբուն վրայ եւ կը կարծէին թէ պիտի ընկրկինք. ընդհակառակն, անոնք տասնապատկեցին մեր կամքն ու համոզումները՝ հասնելու համար հոն, ուր հասանք այսօր»։ Ան եզրափակեց՝ յստակացնելով, թէ կեդրոնը բաց է բոլոր հայերուն առջեւ, առանց խտրութեան։

Հրաչ Սիսեռեան
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Հուսսամ Հարիրի՝ Լիբանանի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի որդին։ Ան շեշտեց եղբայրական եւ անխզելի կապերը Հարիրի ընտանիքին եւ հայութեան՝ ու յատկապէս Հ.Մ.Ը.Մ.-ին միջեւ, ոգեկոչելով յիշատակը իր մեծ հօր՝ ողբացեալ Ռաֆիք Հարիրիի, եւ յանձնառութիւնը իր հօր՝ Սաատ Հարիրիի, որոնք սկիզբէն ի վեր հաւատացին այս ծրագրին։

Հուսսամ Հարիրի
Փոխ-քաղաքապետ Արթիւր Խանճեան խօսք առաւ յանուն քաղաքապետ Անտրէ Սանթինիի, որ առողջական պատճառներով չէր կրցած ներկայ գտնուիլ։ Ան յիշեցուց, որ Պրն Սանթինի եղած է այս երազի իրականացման գլխաւոր հիմնասիւնը, ծրագիր մը՝ որ եզակի է Եւրոպայի մէջ։ Պրն. Խանճեան եզրակացուց. «Արմատ նետելու դժուարութիւնը անցեալին կը պատկանի. այսուհետեւ, 3000 քառ. մեթր տարածութեամբ այս կեդրոնը հայ աշխարհի սրբավայր մըն է»։

Արթիւր Խանճեան
Հուսկ, եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Լիբանանէն յատկապէս ժամանած Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ՝ Յակոբ Խաչերեան։ «Այս կեդրոնը պիտի պատրաստէ ապագայի հայ մարդը։ Յանձնեցէ՛ք ձեր զաւակները այս հաստատութեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ին, եթէ կ՚ուզէք որ անոնք լաւ հայեր դառնան»,– յայտարարեց ան՝ լիակատար յաջողութիւն մաղթելով այս ծրագրին, որ համախմբման խթան պիտի հանդիսանայ։

Յակոբ Խաչերեան
Այս ելոյթներէն ետք ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որ կը ներկայացնէր Հ.Մ.Ը.Մ. Ֆրանսի 50-ամեայ անցեալը, ինչպէս նաեւ միութեան համաշխարհային պատմութիւնը՝ 1918-ին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ իր ծնունդէն մինչեւ այսօրուան տարածումը համայն աշխարհի մէջ (101 մասնաճիւղեր՝ 41 շրջաններու եւ 26 երկիրներու մէջ)։



Լուսինէ Լեւոնի

Եսայի




Երեկոյթը շարունակուեցաւ երաժշտութեամբ՝ «Տըլէ եաման»-ի գեղեցիկ կատարումով, մեկնաբանուած Եսայիի կողմէ, որ ծանօթ է «Ռոմէօ եւ Ժիւլիէթ» երաժշտախառն թատերգութեան մէջ Փարիզի կոմսի իր դերով (ձայնասկաւառակը վաճառուած է երկու միլիոն օրինակով)։ Ինք եւս ըլլալով Հ.Մ.Ը.Մ.-ական, ան կրցաւ իր խանդավառութիւնը փոխանցել հանրութեան։ Սոփրանօ Լուսինէ Լեւոնի նոյնպէս հմայեց ներկաները Շառլ Ազնաւուրի «Լա Պոհեմ»-ի կատարումով։
Ամբողջ երեկոյթի ընթացքին, «Արարատ» պարախումբը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Քաթարինա եւ Արամ Արզումանեաններու, ներկայացուց հայկական ծանօթ եղանակներու վրայ հիանալիօրէն համադրուած պարեր։ Աւարտին, բարձրորակ հիւրասիրութիւն մը տեղի ունեցաւ շքեղ հանդիսասրահին մէջ։
Վարձքը կատա՛ր Հ.Մ.Ը.Մ. Ֆրանսի ղեկավարներուն, որոնք յաջողեցան կառուցել այս հրաշալի արդիական համալիրը։ Շէնքը ծայրէ-ծայր օժտուած է նորարար արհեստագիտութիւններով՝ բնական եւ խնայողական ջեռուցումով եւ ջուրի շոգիացման միջոցով օդափոխման համակարգով, որ կ՚ապահովէ յարմարաւէտութիւն՝ առանց ածխածնային վնասներու։ Կանաչապատ տանիքներով եւ բնական նիւթերու գործածութեամբ՝ կեդրոնը կը ստեղծէ կայուն եւ շնչող քաղաքային միջավայր մը։
Այս նոր տարածքը մեծ դեր պիտի խաղայ հայ համայնքային կեանքի աշխուժացման մէջ՝ Իսի-լէ-Մուլինոյի եւ յարակից շրջաններու (Գլամար, Մէօտոն, Վանվ, Մալաքոֆ, Շաթիյոն եւ այլն), ինչպէս նաեւ ամբողջ Ֆրանսայի տարածքին։ Ան կը բանայ նոր դարաշրջան մը Հ.Մ.Ը.Մ. Ֆրանսի զարգացման եւ հայ երիտասարդութեան նկատմամբ իր յանձնառութեան՝ մարզանքի եւ մշակոյթի ճամբով։
Կեցցէ՛ Հ.Մ.Ը.Մ. Ֆրանսի մարզական եւ մշակութային կեդրոնը։
Շանթ ՈՍԿԵՐԻՉԵԱՆ

Շքեղ հանդիսասրահը
Հ.Մ.Ը.Մ. Ֆրանսի մշակութային եւ մարզական կեդրոնը (9 rue Rabelais, Issy-les-Moulineaux) կ՚առաջարկէ բազմազան գործունէութիւններ բոլոր տարիքներու համար։
– Բազմանպատակ հանդիսասրահ (400 քառ. մ.).- Կեդրոնի սրտին վրայ գտնուող այս սրահը կրնայ ընդունիլ 380 հոգի (նստած՝ 260) տօնական եւ մշակութային ձեռնարկներու համար (հարսանիքներ, կնունքներ, դասախօսութիւններ, ցուցահանդէսներ, համերգներ, պարի դասընթացքներ, ընդունելութիւններ, պարահանդէսներ եւ այլն):
– Սկաուտական բաժին.- Յատուկ ենթակառոյցներ՝ սկաուտները ընդունելու եւ անոնց ուսուցումն ու զարգացումը ապահովելու համար։
– Ճաշարան.- Հաճելի վայր մը սնունդի համար։
– Գլխաւոր մարզասրահ (1200 քառ. մ.).- Շրջանային չափանիշերուն համապատասխան, օժտուած՝ 300 հանդիսատեսի համար նախատեսուած աստիճանաւոր նստարաններով։ Հոն կարելի է կիրարկել՝ պասքեթպոլ, ֆութսալ, վոլեյպոլ, հանտպոլ, պատմինթոն եւ փինկ-փոնկ:
– Կայանատեղի.- Ստորգետնեայ՝ 60 ինքնաշարժի համար։
– Մարզական եւ կազդուրիչ գործունէութիւններ.- Բացի խմբային մարզաձեւերէն, կեդրոնը կ՚առաջարկէ հետեւեալները՝ որակաւորուած մարզիչներով.
– Քունկ-ֆու (պատանիներու համար),
– MMA (Խառն մարտական արուեստներ — 14 տարեկանէն վեր),
– Եոկա, սալսա եւ փիլաթես։
Կապ եւ ամրագրումներ (réservations).- Կեդրոնը կը հիւրընկալէ նոր աշխատանոցներ եւ ձեռնարկներ ամբողջ տարուան ընթացքին։ Օրացոյցը պարբերաբար կը թարմացուի ընկերային ցանցերու եւ պաշտօնական կայքին վրայ։ Կայքէջ՝ www.homenetmen.fr/le-centre/
Դասընթացքներու արձանագրութիւն՝ www.homenetmen.fr/contact
Սրահի կամ ձեռնարկներու ամրագրում.- կապ հաստատել Պրն Հարմիկ Օհանեանին հետ՝ 07-61-35-84-89 թիւին։
Տեսանիւթ՝ https://youtu.be/whdTpLOlR2I
Շ. Ո. ■