Գողցուած է Տափերական գիւղի՝ Վանէն բերուած 13-րդ դարու Աւետարանը

Դեկտեմբեր 7-ին, սրբապղծութիւն տեղի ունեցած է Արարատի մարզին մէջ։ Ինչպէս կը յայտնէ ֆոթօլրագրող Գագիկ Շամշեան, Տափերական գիւղի՝ խորհրդային տարիներէն ի վեր ծանօթ տուն-մատուռէն գողցուած է Վանէն բերուած «Չարխափան» Աւետարանը։

Ան 13-րդ դարու Աւետարան է, որ փոխանցուած է սերունդէ-սերունդ։ Դեկտեմբեր 7-ի առտուն տան տէրերը, որոնք նաեւ մատուռին կից իրենց դրացիներուն ու համագիւղացիներուն հետ կը կառուցեն եկեղեցի, նկատած են, որ մատուռին երկաթեայ ճաղավանդակը, որ 4 կողմէն ամրացուած է պեթոնէ պատին մէջ, կոտրած է։

Ներսը յայտնաբերած են, որ յատուկ անկիւնը զետեղուած 13-րդ դարու «Չարխափան» Աւետարանը անհետացած է։