Գրաւեալ Արցախի Սուրբ Ներսէս Մեծ եկեղեցին ալ՝ ազերիներու թիրախ

Յուշարձաններու հսկողութեան «Monument Watch» կազմակերպութիւնը ահազանգ կը հնչեցնէ հայկական եկեղեցիի մը նոր աւերումին առնչութեամբ։

Ազերպայճանական Թելեկրամի կարգ մը ալիքներ (ի շարս որոնց՝ t.me/maidentower/58690), հրապարակած են լուսանկարներ՝ Արցախի գրաւեալ Մարտունի քաղաքէն։ Լուսանկարներէն կը պարզուի, որ քաղաքին կեդրոնը գտնուող Սուրբ Ներսէս Մեծ եկեղեցին վերջին երկու տարիներուն վնասներ կրած է. պատուհաններու գունաւոր ապակիները ջարդուփշուր եղած են, տեսանելի են նաեւ կրակոցի հետքեր։

Եկեղեցին եւ անոր շրջակայքը դիտումնաւոր թիրախաւորուած են ազերպայճանական զինեալ ուժերուն կողմէ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին, երբ քաղաքը անխնայ ռմբակոծուեցաւ։ Նաեւ արկեր ինկած ու պայթած են եկեղեցւոյ անմիջական մօտակայքը, ինչպէս կը վկայեն անոր հարաւային ճակատին վրայի հետքերը։