Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԴԱՄԱՍԿՈՍ. Արամ Ա. կաթողիկոս հանդիպում ունեցած է Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ալ֊Ասատի հետ

Մայիս 24֊ին, Արամ Ա. կաթողիկոս Դամասկոսի մէջ հանդիպում ունեցած է Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ալ֊Ասատի հետ։ Կաթողիկոսին պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպիսկ. Զոպուեան, Հ.Յ.Դ. Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի եւ խորհրդարանի հայկական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէիսեան, Սուրիոյ Հ.Յ.Դ. կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան, Բերիոյ Հայոց թեմի Ազգ. իշխանութեան ատենապետ Սիւնպիւլ Սիւնպիւլեան, Ազգ. կեդրոնական վարչութեան անդամ Հրաչ Յակոբեան եւ ազգ. բարերար Սուրէն Վարդանեան։

Նախագահ Ալ֊Ասատ ջերմօրէն ողջունած է Վեհափառ Հայրապետը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան այցելութիւնը։ Նախագահը իր խօսքին մէջ յիշած է Օսմանեան պետութեան կողմէ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ընդգծած, թէ պատմութիւնը կը շարունակուի Սուրիոյ մէջ։ Ան նշած է Հայոց ներդրումը Սուրիոյ զարգացման ու յառաջդիմութեան մէջ եւ շեշտած, որ հայ համայնքը անբաժան մասնիկն է Սուրիոյ հասարակութեան։

Իր կարգին Արամ Ա. վստահեցուցած է, թէ Սուրիոյ Հայութիւնը ամէն գնով սատար պիտի հանդիսանայ երկրին վերաշինութեան ու վերածաղկման աշխատանքներուն։

Հանդիպումը առիթ հանդիսացած է քննարկելու շրջանի տագնապներն ու խնդիրները։ Ապա, Նախագահ Ալ֊Ասատին ներկայացուած են Սուրիոյ Հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները։

Աւարտին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը Սուրիոյ նախագահին նուիրած է Բարձրբերդի Աւետարանի օրինակ մը եւ իր հեղինակած The Armenian Church գիրքի արաբերէն թարգմանութիւնը։