«Գանձասար»-ի Դիմագիրքի էջէն կը տեղեկանանք, թէ միջազգային համբաւ վայելող լիբանանահայ երգահան, դաշնակահար Կի Մանուկեան Սեպտեմբեր 25-ին ելոյթ ունեցած է «Ասատ» Մշակոյթի եւ արուեստի տան օփերայի դահլիճին մէջ։
Երկու ժամ տեւողութեամբ Մանուկեան երաժշտական յօրինումներու եւ վերամշակումներու ինքնատիպ կատարումներով անքակտելի կամուրջ մը ստեղծած է բեմին եւ հանդիսատեսին միջեւ, արժանանալով բուռն ծափողջոյններու։
Նախքան ելոյթ ունենալը, Մանուկեան լրագրողներուն յայտնած է. “Կը հրաւիրեմ բոլոր սուրիացիները ներկայ գտնուելու ելոյթին՝ մէկդի դնելով իրենց մտահոգութիւններն ու ցաւերը”։
Ան աւելցուցած է. “Սուրիոյ եւ Լիբանանի ժողովուրդներուն միջեւ տարբերութիւն չկայ։ Ես անձնապէս զիրենք մէկ ժողովուրդ կը համարեմ։ Երբ Դամասկոս հասայ, ինքզինքս Պէյրութի փայլուն օրերու շրջանին զգացի”։