Դատախազութիւնը կը պահանջէ Պաշտպանութեան նախարարութեան վերադարձնել, անոր՝ Մայր Աթոռին նուիրած անշարժ գոյքը

Գլխաւոր դատախազութիւնը կը փորձէ անվաւեր հռչակել Պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ միջեւ 2019-ին  կնքուած նուիրատւութեան պայմանագիրը: Նախարարութիւնը Եկեղեցւոյ նուիրած էր  շէնք-շինութիւններ եւ հողատարածք:

Դատախազութիւնը գործարքը անվաւեր ճանչնալու եւ անվաւերութեան հետեւանքներ կիրարկելու պահանջով դիմած է Հակակոռուպցիոն (Եղծանման դէմ պայքարի) դատարան, բայց դեռ դատական գործընթացի  չէ ձեռնարկուած: 

2019 Օգոստոսին Պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Եկեղեցւոյ միջեւ կնքուած անշարժ գոյքի նուիրատւութեան պայմանագրով՝ Նախարարութեան տրամադրուած, պետական սեփականութիւն հանդիսացող ընդհանուր 9427,3 քառ. մեթր մակերեսով շէնք-շինութիւններ եւ 8,9 հեկտար մակերեսով հողամաս մը անհատոյց յանձնուած էր Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ:

Գլխաւոր դատախազութիւնը այս գործարքին վերաբերող իր բողոքին մէջ ի միջի այլոց կը նշէ. «Վերաբերելի օրէնսդրական ակտերի, ՀՀ կառավարութեան 2018թ. Մարտի 29-ի թիւ 336-Ա որոշման եւ անշարժ գոյքի նուիրատւութեան պայմանագրի ուսումնասիրութեամբ պարզուել է, որ տուեալ պայմանագիրը կնքուել է օրէնսդրութեան պահանջների խախտմամբ: Ուստի Դատախազութեան կողմից ներկայացուել են գործարքն անվաւեր ճանաչելու եւ անվաւերութեան հետեւանքներ կիրարկելու պահանջներ»:

Խմբագրական