Դատարանը երկրորդ անգամ ըլլալով մերժած է Սերժ Սարգսեանի դէմ խափանման միջոց կիրարկելու միջնորդութիւնը

Նոյեմբեր 5-ին, դատարանը երկրորդ անգամ ըլլալով մերժած է մեղադրող կողմին դիմումը եւ Հանրապետութեան երրորրդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի նկատմամբ խափանման միջոց չէ ընտրուած։ Այս մասին արտակարգ դատական նիստէն ետք յայտնած է անոր փաստաբանը։

Նշենք, որ դատական նիստէն ետք լրագրողները Սերժ Սարգսեանին հարցուցած են, թէ արդեօք կը պատրաստուի՞ երկիրը լքելու, քանի որ ըստ դատախազութեան, գործառնական տեղեկութիւններ ստացուած են, որոնց համաձայն՝ ան կը պատրաստուի երկրէն փախչելու։

Ես որտեղէ՞ն փախչեր եմ, որ այստեղէն փախչիմ. նոյնիսկ եթէ վստահ ըլլամ, որ Հայաստանի որեւէ ատեան զիս մահապատիժի պիտի դատապարտէ, ես իմ երկրէս պիտի չմեկնիմ. սա իմ երկիրս է, անոնց երկիրը չէ,– ըսած է Սերժ Սարգսեան։