Դատարանը Սամուէլ Կարապետեանի բանտարկութիւնը երկարաձգելու դիմումը պիտի քննէ Նոյեմբեր 17-ին

Նոյեմբեր 17-ին Եղծանման դէմ պայքարի դատարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ գործարար, բարերար Սամուէլ Կարապետեանի բանտարկութեան երկարաձգման դիմումին քննութիւնը։ Այս մասին յայտնած է Կարապետեանի փաստաբան Արամ Վարդեւանեան Դիմագիրքէն հաղորդումի մը ընթացքին։

Վարդեւանեան պարզաբանած է, որ Նոյեմբեր 13-ին Սամուէլ Կարապետեանի գործով վերաքննիչ եղծանման դէմ պայքարի դատարանը պէտք է որոշում կայացնէր պաշտպանութեան ներկայացուցած բողոքին, ինչպէս նաեւ դատախազութեան ներկայացուցած բողոքներուն վերաբերեալ։

Դատախազութեան կողմէ ներկայացուած բողոքը կը վերաբերէր տնտեսական բնոյթի երկու անիմաստ եւ անհեթեթ մեղադրանքներու՝ կապուած հիմնաւոր կասկածի հաստատման, ինչպէս նաեւ փաստացի կալանքի մէկամսեայ ժամկէտը երկամսեայ կալանքի վերածելու։ Մեր կողմէ ներկայացուած բողոքն ալ կը վերաբերէր ծանօթ կոչերու հիման վրայ կասկած յարուցելու անկարելիութեան, ինչպէս նաեւ կալանքին վայրկեան առաջ վերացման։ Դատարանը որոշեց երկու բողոքներն ալ մերժել Նոյեմբեր 13-ին”,նշած է ան։