Դեռ աւելի քան անորոշ է Էրտողանի մասնակցութիւնը Երեւանի համաժողովին

Երեւանի մէջ Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի մասնակցութիւնը ներկայ պահուն բոլորովին անորոշ է։ Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին տեղեկացուցած են Թուրքիոյ նախագահի վարչակազմէն։

Այս մասին առայժմ չկայ յստակ տեղեկութիւն։ Ձեռնարկին թուականին մօտ աւելի յստակ տեղեկութիւն պիտի հաղորդուի,– ըսած է գործակալութեան զրուցակիցը։

Նախապէս, ազերպայճանական աղբիւրներէն մէկը, յղում կատարելով դիւանագիտական աղբիւրի մը, յայտնած էր, որ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ չի նախատեսեր մասնակցիլ Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ 2026 Մայիսին։