Դեսպան Արման Խաչատրեան մասնակցած է Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ տեղի ունեցած «Չկայ խաղաղութիւն առանց կիներուն» համաժողովին

Դեկտեմբեր 13-ին, Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ, ծերակուտական Էլէն Քոնուէյ-Մուրէի հրաւէրով, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արման Խաչատրեան մասնակցած է «Չկայ խաղաղութիւն առանց կիներուն» խորագիրը կրող համաժողովին։

Ձեռնարկը նուիրուած էր միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովման մէջ կիներու ունեցած կարեւոր դերակատարութեան, որ կը ցոլացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան որդեգրած մօտեցումներն ու յանձնառութիւնները։

Համաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերած են Ֆրանսայի Ծերակոյտի անդամներ, դեսպաններ, միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ կիներու իրաւունքներու ոլորտի ծանօթ փորձագէտներ եւ հասարակական գործիչներ։