Դեսպան Խաչատրեան՝ Տուսէի հետ
Մայիս 16-ին, Լիոն կատարած աշխատանքային այցելութեան շրջանակին մէջ դեսպան Արման Խաչատրեան հանդիպումներ ունեցաւ Լիոնի քաղաքապետ Կրեկորի Տուսէի եւ Օվերնեը-Ռոն-Ալփ շրջանի նախագահ Ֆապրիս Փանքուքի հետ։
Դեսպան Խաչատրեանի եւ քաղաքապետ Տուսէի հանդիպումին կողմերը անդրադարձան Երեւանի ու Լիոնի միջեւ հաստատուած արդիւնաւէտ գործակցութեան եւ այդ ուղղութեամբ առկայ ընթացիկ ծրագրերուն։ Դեսպանը ընդգծեց Լիոնի քաղաքապետին եւ քաղաքային խորհուրդին շարունակական աջակցութիւնը Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին, որ բազմիցս դրսեւորուած է բանաձեւերու եւ հրապարակային յայտարարութիւններու ընդմէջէն։
Դեսպանը՝ Փանքուքի հետ
Իսկ Խաչատրեանի եւ Ֆապրիս Փանքուքի հանդիպումին քննարկուեցան Օվերնեը-Ռոն-Ալփի շրջանի եւ Հայաստանի Սիւնիքի մարզի համայնքներուն միջեւ գործակցութեան զարգացման, ինչպէս նաեւ՝ Յունիս 2–3-ին Գորիսի մէջ կայանալիք ֆրանքեւհայկական ապակեդրոնացուած 5-րդ համագումարի նախապատրաստական աշխատանքներուն առնչուող հարցեր։
Բարձր գնահատելով մնայուն կերպով Հայաստանի կողքին ըլլալու շրջանի ղեկավարութեան վճռական յանձնառութիւնը՝ դեսպանը իր զրուցակցին հետ քննարկեց նաեւ տնտեսական եւ կրթական բնագաւառներուն մէջ գործակցութիւնը ընդլայնելու հեռանկարները։
***
Աւելցնենք, որ Լիոնի մէջ դեսպանը այցելեց նաեւ Սուրբ Յակոբ մայր եկեղեցի ու Մարգարեան-Փափազեան վարժարան եւ հանդիպում ունեցաւ տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։