Դիլիջանի մէջ բացուած է հիւրընկալութեան միջազգային դպրոցը

Սեպտեմբեր 1-ին, Դիլիջանի մէջ  իր դռները բացած է իտալական Apicius Florence-ի հայկական ներկայացուցչութիւնը հանդիսացող Apicius Armenia հիւրընկալութեան միջազգային դպրոցը, որու նպատակն է զարկ տալ հիւրընկալութեան կառավարման, սնունդի, գինիի եւ առողջ ապրելակերպի բնագաւառներուն։

Դպրոցը պիտի ըլլայ տարածաշրջանին մէջ միջազգային հիւրընկալութեան կարեւոր կրթօճախ մը։ Դասընթացքները կ՚իրականացուին իտալացի մասնագէտներու կողմէ՝ համադրելով միջազգային փորձառութիւնն ու հայկական առանձնայատկութիւնները։

1997-ին Ֆլորանսայի մէջ հիմնադրուած Apicius Florence-ը ակադեմական եւ մասնագիտական կրթութեան մարզին մէջ ծանօթ եւ հեղինակաւոր հաստատութիւններէն է. ան կը հանդիսանայ Իտալիոյ առաջին միջազգային հիւրընկալութեան դպրոցը՝ Հայաստանի մէջ։