Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Դիմադրութիւն

2024 Յու­լի­սին էր որ խմբագ­րա­կանով մը ահա­զան­գ կը հնչեց­նէինք «Դադ­րեցնե՞լ, թէ՞ շա­րու­նա­կել», որուն հե­տեւե­ցաւ հան­րա­յին հան­դի­պում մը Հոկ­տեմբեր ամ­սուն ըն­թերցող­նե­րու եւ բա­րեկամ­նե­րու հետ, խորհրդակ­ցե­լու՝ թերթին ապագային նկատմամբ մեզ յու­զող հար­ցե­րուն շուրջ։ Տա­րի մը ան­ցած է այդ ահա­զան­գէն։ Ի՞նչ է հաշուեկշիռը։ Ստա­ցանք բազ­մա­թիւ նուիրատ­ւութիւններ, բաւական՝ շա­րու­նա­կել կարենալու «Նոր Յառաջ»-ի հրա­տարա­կու­թիւնը։ Ամ­րապնդե­ցինք ըն­կե­րային ցան­ցե­րու վրայ թեր­թին ներ­կա­յու­թիւնը։ Բայց, տա­կաւին շատ բան կայ ընե­լիք, մա­՛նաւանդ՝ որպէս Եւ­րո­պայի մէջ լոյս տես­նող սփիւռքա­հայ թեր­թ մը, որուն լսա­րանը կրնայ ըլլալ շատ աւե­լի ստուար, քան ինչ որ է այ­սօր, յա՛տ­կա­պէս աւան­դա­կան Սփիւռքի ըն­թերցող­նե­րու շրջանակին մէջ, որոնց հա­սանե­լի դար­ձած է մա­սամբ, սա­կայն տա­կաւին շատ աշ­խա­տանք կայ կա­տարե­լիք այդ ուղղու­թեամբ, որով­հե­տեւ «Նոր Յա­ռաջ» կը մնայ թե­րեւս Սփիւռքի տա­րած­քին այն հա­զուա­գիւտ ոչ-կու­սակցա­կան թեր­թե­րէն, որ ու­նի իր ինքնո­ւրոյն ու­ղե­գիծը եւ երկլե­զու ինքնու­թիւնը։ Աշ­խարհըն­կալման դի­տան­կիւնէն՝ երկլեզ­ւութիւ­նը առա­ւելու­թիւն մըն է. լու­րե­րու խմբագրումն ու մեկ­նա­բանու­մը պատ­րաստել հա­յերէ­նով ե՛ւ ֆրան­սե­րէնով՝ կը ստի­պէ վե­րըն­թերցում մը, ինչ որ կ՚ընձեռէ եր­կու լե­զուամ­տա­ծողու­թեան փո­խան­ցումի բա­ցառիկ առիթ մը։

Ինչպէս նշե­ցինք, դրա­մահա­ւա­քը օգ­նեց որ թեր­թը շարունակէ լոյս տես­նել, սա­կայն տա­կաւին ան­բա­ւարար է։ Մե­ծապէս կա­րիքը ու­նինք զար­գացնե­լու ֆրան­սե­րէն բա­ժինը, մաս­նա­ւորա­պէս՝ նոր լրագ­րող մը գոր­ծի ըն­դունե­լու։ Հա­յերէ­նի պա­րագա­յին բա­ցը գո­ցեցինք որոշ չա­փով ար­տա­սահ­մա­նէն թղթա­կից­նե­րով, յատ­կա­պէս Երե­ւանի «Յա­ռաջ» կեդ­րո­նի գոր­ծա­կից­նե­րով։ Ֆրան­սե­րէն բա­ժինը զար­գացնե­լու դրա­մագ­լուխը կը պակ­սի։ Դրա­մահա­ւաքը դեռ ըն­թացքի մէջ է։ 

Իբ­րեւ ան­կախ հայ­կա­կան մա­մուլ «Նոր Յա­ռաջ» կը գրա­ւէ եզա­կի տեղ մը աշ­խարհա­քաղա­քական տագ­նապնե­րու նոր յոր­ձանքին մէջ, Սփիւռքի եւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան փոխ­յա­րաբե­րու­թիւննե­րը իւ­րո­վի հասկնա­լ փորձելու հա­մար։ Որ­քան ալ հա­յու­թիւնը մեծ դե­րակա­տարու­թիւն չու­նենայ հա­մաշ­խարհա­յին գոր­ծընթաց­նե­րուն մէջ, այ­սու­հան­դերձ, այդ գոր­ծընթաց­նե­րը իրենց ծանր հե­տեւանքնե­րը կ՚ու­նենան հա­յու­թեան եւ Հա­յաս­տա­նի վրայ։ Անոնց ըն­կա­լու­մը, մեկ­նա­բանու­թիւնը անհրա­ժեշտ են այդ բարդ գործընթացները ըստ կարելւոյն չխե­ղաթիւ­րուած ներ­կա­յաց­նե­լու։ Հա­յու­թիւնը ան­մի­ջակա­նօրէն ներ­գրա­ւուած է Ռու­սաստան-Ուքրա­ինա, Իս­րա­յէլ-Արա­բա­կան աշխարհ պա­տերազմ­նե­րուն մէջ։ Աշ­խար­հագ­րա­կան այս տա­րածք­նե­րուն մէջ կան հին ու նոր հայ հա­մայնք­ներ, որոնք կը կրեն սար­սա­փելի հե­տեւանքնե­րը անոնց։ Հա­յաս­տա­նի շուրջ ստեղ­ծուած սպառ­նա­լիք­նե­րը, Ար­ցա­խի կո­րուստը եւ այս բո­լորէն բխած ան­կա­յու­նութիւ­նը բնա­կանա­բար վհա­տու­թիւն եւ ապա­գայի հան­դէպ անվստա­հու­թիւն եւ յու­սա­խաբու­թիւն կը յա­ռաջաց­նեն։ 

Ար­տա­քին ազ­դակնե­րը ու­նին իրենց ներ­քին հե­տեւանքնե­րը, որոնք հա­յու­թեան հա­մար զգա­լի են ան­կախ Հա­յաս­տա­նի գո­յու­թեան շուրջ ծա­ւալող տա­րածաշրջա­նային սպառ­նա­լիք­նե­րու տես­քով, որոնք 2020-ի պա­տերազ­մէն ետք շեշ­տուեցան, Ազեր­պայճա­նի ան­յագ պա­հանջնե­րու, ինչպէս նաեւ Ռու­սաստա­նի ազ­դե­ցու­թեան գօ­տին տկա­րաց­նե­լու հարցով՝ Արեւ­մուտք-Արե­ւելք բա­խու­մի ձե­ւերուն տակ։ Իսկ Հա­յաս­տա­նի մէջ ներ­կա­յացաւ իշ­խա­նու­թիւն — ար­մա­տական ընդդի­մու­թիւն յա­րատեւ բա­խու­մի տա­րազով, որուն վրայ աւել­ցաւ բարձրաս­տի­ճան եկե­ղեցա­կան­նե­րու ներգրա­ւու­մը, որ հա­կամար­տութեան տուաւ նոր ծա­ւալ՝ սփիւռքա­հայու­թեան ներգրա­ւու­մով։

Այս բո­լոր ազ­դակնե­րը նկա­տի առած, կը յու­սանք որ «Նոր Յա­ռաջ» պի­տի կարենայ շա­րու­նա­կել իր լրասփիւռա­յին առա­քելու­թիւնը։ Ամէն կող­մ դրա­մահա­ւաքի կա­րիքը կայ։ Դպրո­ցին, եկե­ղեցիին, մշա­կութա­յին տու­նե­րու կող­քին, մա­մու­լը եւս հա­մայնքի այն հիմ­նա­կան սիւ­նե­րէն է, որ իր մաս­նակցու­թիւնը կը բերէ ինքնու­թե­նական գի­տակ­ցութեան կեր­տումին։

Ժ.Չ. ■

Խմբագրական