ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբը պաշտօնապէս լուծուած է

Հայաստանի Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարարութիւնը կը հաղորդէ, թէ Սեպտեմբեր 1-ին ստացած է ԵԱՀԿ-ի նախագահող Ֆինլանտայի ԱԳ նախարարին նամակը, ուր հաստատուած է, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբը 2025 Սեպտեմբեր 1-ին կը համարուի լուծուած, նկատի ունենալով, որ խումբին աշխատանքներուն եւ առնչուող կառոյցներու լուծման վերաբերող որոշումին համար նախատեսուած լռելեայն ընթացակարգը ԵԱՀԿ-ի անդամ պետութիւններուն կողմէ չէ խախտուած։

Պաքու եւս հրապարակած է լուրը եւ յատկապէս ընդգծած, թէ կայացուած որոշումին համաձայն՝ անվաւեր կը նկատուին հայ-ազերպայճանական հակամարտութեան մասին նախապէս ստորագրուած բոլոր փաստաթուղթերը։

ԵԱՀԿ-ի ներկայի նախագահը եւ ընդհանուր քարտուղարը ողջունած են սոյն որոշումը։