ԵԱՀԿ-ի ներկայի նախագահ, Ֆինլանտայի Արտաքին գործոց նախարար Էլինա Վալթոնէն դրական յառաջընթաց արձանագրած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին մէջ։
Այս մասին Վալթոնէն նշած է ԵԱՀԿ-ի նախարարական հանդիպման ընթացքին։
“Հարաւային Կովկասի մէջ ականատես եղայ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացի դրական յառաջընթացին։ Օգոստոսին հասանք համաձայնութեան՝ Մինսքի խումբի ենթակառոյցները փակելու ուղղութեամբ, որոնք կը զբաղէին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորմամբ”,– ըսած է դիւանագիտուհին։
Վալթոնէն նշած է, որ Մինսքի խումբը եւ անոր ենթակառոյցները փակելը պիտի նպաստէ նաեւ ԵԱՀԿ-ի պիւտճէի հաստատման հիմնական խոչընդոտի վերացման։
Յիշեցնենք, որ Մինսքի խումբի գործընթացը սկսած էր 1992-ին՝ ազերպայճանա-արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման նպատակով։ Կառոյցի համանախագահներն էին Ռուսաստանը, ԱՄՆ-ն եւ Ֆրանսան։
Հայաստան եւ Ազերպայճան 2025 Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ ԵԱՀԿ-ին ուղղուած համատեղ դիմում ստորագրած էին Մինսքի խումբը կազմալուծելու հարցով։
2025 Դեկտեմբեր 1-էն կառոյցը դադրեցուցած է իր գործունէութիւնը։