Միջին Արեւելքի արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու՝ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի, Թաուատրոս Բ. պատրիարքի եւ Աֆրամ Բ. պատրիարքի հանդիսապետութեամբ, Շաբաթ եւ Կիրակի, Մայիս 17-18-ին, Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ Գահիրէի պատրիարքարանին եւ Սուրբ Մարկոս մայր տաճարին մէջ, նշուած է Նիկիոյ Ա. տիեզերական ժողովին 1700-ամեակը։
Սոյն տօնախմբումը ընդգրկած է Հայ եկեղեցւոյ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Ղպտի եկեղեցւոյ եւ Ասորի եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու ժողովական հանդիպում մը, սուրբ համապատարագի մատուցում եւ հոգեւոր համերգ՝ երեք Հոգեւոր պետերու նախագահութեամբ։
Արամ Ա. կաթողիկոս այս երեք առիթներով լուսարձակի տակ բերած է Նիկիոյ Ա. տիեզերական ժողովի պատմական կարեւորութիւնը եւ ընդգծած, թէ ան հիմքը կը կազմէ ուղղափառ քրիստոնէութեան՝ որուն պերճախօս արտայայտութիւնն է Նիկիական Հանգանակին արտասանութիւնը բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։
Վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ, Նիկիոյ Ա. տիեզերական ժողովի 1700-ամեակի նշումին մասնակցած են Կոմիտաս արք. Օհանեան, Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, Շահան արք. Սարգիսեան, Շահէ արք. Փանոսեան, Մակար արք. Աշգարեան, Մեսրոպ արք. Սարգիսեան, Թորգոմ արք. Տօնոյեան, Սահակ եպիսկ. Եմիշեան, Պետրոս եպիսկ. Մանուէլեան, Տաճատ եպիսկ. Աշըգեան, Յովակիմ վրդ. Բանճարճեան, Օշին վրդ. Չուալերթանեան եւ Սարգիս վրդ. Աբրահամեան։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։