Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին 5 միլիոն եւրոյի նոր ֆինանսական օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ։ Այս գումարը պիտի գործածուի Մեծամօրի հիւլէակայանին անվտանգութեան համակարգերը եւ ճառագայթումէ պաշտպանութիւնը ամրապնդելու նպատակին։ Այս քայլը մաս կը կազմէ «Ֆուքուշիմա»-էն ետք մշակուած «սթրես—թեսթ»-երու ազգային ծրագիրը աւարտին հասցնելու ջանքերուն։ Գումարին մէկ մասով պիտի գնուի ջրածնի հրկիզման յատուկ սարքաւորում՝ արկածներու վտանգները կառավարելու համար։