Եպիսկոպոսները ժողովուրդին կոչ կ՚ընեն Դեկտեմբեր 18-ին իրենց միանալու Մայր Աթոռի մէջ՝ «Գարեգին Բ.-ը հանգիստի կոչելու արդար պահանջով» 

Վարչապետ Փաշինեանի հետ վերջերս հանդիպում ունեցած Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ խումբ մը եպիսկոպոսներ հանդէս եկած են նոր յայտարարութեամբ մը, որուն մէջ յատկապէս նշուած է.

«Սիրելի՛ ծառայակից եղբայրներ, հաւատարիմ եւ հաւատացեալ ժողովուրդ.

Վերջին շրջանին մեր Հայ առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ շուրջ տեղի ունեցող վտանգաւոր զարգացումները, որոնց վերաբերեալ բազմաթիւ մտահոգութիւններով հանդէս եկած ենք թէ՛ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին հետ ունեցած մեր անհատական զրոյցներու ընթացքին, թէ՛ ժողովական մակարդակով եւ թէ՛ հանրային տիրոյթին մէջ, այլեւս հատած են այն սահմանագիծը, որով կրնան անդառնալի վնաս հասցնել թէ՛ մեր եկեղեցւոյ, թէ՛ պետութեան եւ թէ՛ հաւատաւոր ժողովուրդին։

Այս մտահոգութիւններուն վերաբերող ժողովները, ըստ էութեան, Ամենայն հայոց կաթողիկոսին կողմէ եղած են ուղղորդուած եւ չեն ծառայած խնդիրներու լուծման, ինչ որ կրկին կ՚ապացուցէ այս տարիներու ընթացքին Գարեգին Բ. կաթողիկոսի միանձնեայ, կամայական եւ թերի կառավարման ընթացքը։

Եկած է ժամանակը, որ մենք՝ հոգեւոր դասը եւ հաւատացեալները, կարենանք անկեղծ ըլլալ իրարու հետ եւ խոստովանիլ, որ անցնող տարիներու ընթացքին մեր ձայնը ոչ միայն լսելի չէ եղած եկեղեցւոյ մէջ, այլեւ որեւէ էական, որոշիչ ազդեցութիւն չենք ունեցած եկեղեցւոյ առաքելութեան իրականացման գործին մէջ։

Արդ, հասած է ժամանակը, որ յանուն բոլորիս պաշտելի Սուրբ Էջմիածնի, նաեւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան եւ հաւատաւոր աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդին՝ արտայայտենք յստակ եւ վճռական դիրքորոշում մեր եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած խնդիրներուն վերաբերեալ, չկաշկանդուինք տարատեսակ դժուարութիւններու եւ ճնշումներու առջեւ, եւ, ի սէր Աստուծոյ, կասեցնենք Մայր Աթոռի օր ըստ օրէ ահագնացող գահավիժումը։

Մայր եկեղեցւոյ այսօրուան անմխիթար վիճակը սպառնալիք կը ստեղծէ նաեւ մեր ազգային եւ պետական անվտանգային շահերուն։

Պատմութեան առջեւ իւրաքանչիւրս պատասխանատու ենք մեր կայացուցած որոշումներով եւ գործերով։

Կոչ կ՚ուղղենք հոգեւոր մեր եղբայրներուն եւ հաւատաւոր մեր ժողովուրդին՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս.

Միասնական կամք դրսեւորել, միանալ մեզի եւ ձեր արդար բողոքի ձայնը բարձրացնել եկեղեցւոյ վարկն ու հեղինակութիւնը միտումնաւոր ոչնչացման տանող այս կործանարար, հակականոնական ընթացքին դէմ՝ ի սպառ մերժելով Հայ եկեղեցին օտարի շահերուն ծառայեցնելու բոլոր տեսակի ճիգերն ու ջանքերը։

Սիրելի՛ հոգեւոր եղբայրներ, հաւատաւոր ժողովուրդ հայոց, սոյն թուականի Դեկտեմբեր 18-ին, ժամը 17-ին, եկէք եւ միացէք մեզի համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ՝ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ին ՀԱՆԳԻՍՏԻ ԿՈՉԵԼՈՒ ԱՐԴԱՐ ՊԱՀԱՆՋՈՎ, որ այլեւս դարձած է անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն։ Թող Ամենակարողն Աստուած օրհնէ մեր համազգային առաքելութիւնը եւ իրականութիւն դարձնէ հոգեւոր սպասաւորներու եւ հաւատացեալներու տարիներու երազանքն ու ցանկութիւնը»։