Եպիս­կո­պոս­նե­րը կը թելադրեն Գա­րեգին Բ.-ին կա­մովին հանգստեան կո­չուիլ

Նոյեմբեր 29-ին, խումբ մը եպիս­­կո­­­պոս­­ներ թելադրած են Ամե­­նայն հա­­յոց կա­­թողի­­կոս Գա­­րեգին Բ.-ին կա­­մովին հանգստեան կո­­չուիլ, շատ խիստ բո­վան­դա­կու­թեամբ նոր կո­­չով մը, զոր կը ներ­կա­յաց­նենք ստորեւ.

«Սի­րելի եղ­բայրներ ի Քրիս­տոս, սի­րելի հա­յոր­դի­ներ.

Շատ կը ցա­ւինք վեր­ջին ամիս­նե­րուն մեր Եկե­ղեց­ւոյ ներ­սը եւ մեր Եկե­ղեց­ւոյ շուրջ առ­կայ ապա­ռողջ մթնո­լոր­տին հա­մար, որ կը փո­թորկէ մեր բո­լորին հո­գինե­րը։ Այս ամէ­նը գու­ցէ չըլ­լար, եթէ ար­դար, առանց ահա­բեկումնե­րու ըլ­լար 1999 թուակա­նի Կա­թողի­կոսա­կան ընտրու­թիւնը։

Հայ Եկե­ղեց­ւոյ սխալ կա­ռավար­ման հե­տեւան­քով ե՛ւ եկե­ղեց­ւոյ ներ­սը, ե՛ւ եկե­ղեցի-պե­տու­թիւն յա­րաբե­րու­թիւննե­րուն մէջ յատ­կա­պէս վեր­ջին ամիս­նե­րուն աւե­լի ահագ­նա­ցած ճգնա­ժամը յոյժ վտան­գա­ւոր վի­ճակ մը ստեղ­ծած է Հայ­րե­նիքի եւ Սփիւռքի մէջ՝ խա­թարե­լով մեր ժո­ղովուրդի ան­դորրը, հա­ւատքն ու միաս­նութիւ­նը։

Բազ­մա­թիւ նուիրեալ հո­գեւո­րական­նե­րու չար­դա­րացուած, հա­կակա­նոնա­կան կար­գա­լու­ծութիւննե­րը յա­ճախ տե­ղի ու­նե­ցած են անար­դար կեր­պով, բա­ցար­ձա­կապէս Կա­թողի­կոսի միահե­ծան որո­շումնե­րով կամ պար­տադրան­քով։

Յա­ճախ նա­խընտրա­բար հո­գեւոր աս­տի­ճան ստա­ցած են եւ պաշ­տօ­նի կո­չուած մի­ջակու­թիւններ, բա­րոյա­կան կաս­կա­ծելի վար­քա­գիծ ու­նե­ցող­ներ, անար­ժաններ, կա­մակա­տար­ներ։

Կա­թողի­կոսի սխալ, կա­մայա­կան կա­ռավար­ման, հրա­ման­նե­րու, նշա­նակումնե­րու, անար­դար պա­տիժ­նե­րու, ան­հարկի մի­ջամ­տութիւննե­րու, կար­գա­լու­ծութիւննե­րու հե­տեւան­քով յա­ճախ կը փո­թոր­կին Սփիւռքի մեր թե­մերը եւ առան­ձին հով­ւութիւններ ու վի­ճակ­ներ, եր­բեմն ստի­պուած կ’ըլ­լան խզել կա­պերը Մայր Աթո­ռին հետ։

Կա­թողի­կոսի հաս­ցէին տա­րատե­սակ լրաս­փիւռնե­րով եւ տար­բեր հար­թակնե­րէ ու ամ­պիոն­նե­րէ պար­բե­րաբար հնչող եր­բեմն ծանր մե­ղադ­րանքնե­րը Կա­թողի­կոսի կամ Մայր Աթո­ռի հա­մապա­տաս­խան կա­ռոյցնե­րուն կող­մէ անու­շադրու­թեան կը մատ­նուին, չեն մեկ­նա­բանուիր, չեն հեր­քուիր, այդպէ­սով ինքնին կաս­կա­ծի տե­ղիք տա­լով անոնց իս­կութեան վե­րաբե­րեալ։

Ամե­նայն Հա­յոց Կա­թողի­կոսի օրհնու­թեամբ ու թողտւու­թեամբ եկե­ղեցա­կան­նե­րու ներգրա­ւու­մը ներ­քա­ղաքա­կան գոր­ծընթաց­նե­րուն մէջ, հո­գեւո­րական­նե­րու կող­մէ հնչե­ցուած քա­ղաքա­կան կո­չերն ու յայ­տա­րարու­թիւննե­րը, քա­ղաքա­կան հան­րա­հաւաք­նե­րուն մաս­նակցու­թիւնն ու կազ­մա­կեր­պումը անըն­դունե­լի է, դա­տապար­տե­լի է եւ յա­րիր չէ մեր Եկե­ղեց­ւոյ ոգիին ու կա­նոն­նե­րուն, կը հա­կասէ ժո­ղովուրդին միաս­նութիւ­նը պա­հելու մեր Եկե­ղեց­ւոյ առա­քելու­թեան։

Եկե­ղեց­ւոյ Կա­նոնադ­րութեան ստեղծման տե­ւական, դի­տաւո­րեալ ձա­խողումնե­րը եւ ի վեր­ջոյ այդ աշ­խա­տանքնե­րուն վերջնա­կան դադ­րե­ցու­մը հնա­րաւո­րու­թիւն տուած են Կա­թողի­կոսին անցնող քսան­վեց տա­րինե­րու ըն­թացքին եր­բեմն Եկե­ղեցին կա­ռավա­րելու սե­փական պատ­կե­րացումնե­րով, կա­մայա­կանօ­րէն։

Հայ եկե­ղեց­ւոյ Եպիս­կո­պոսաց ժո­ղով, Ազ­գա­յին եկե­ղեցա­կան ժո­ղով կամ Ներ­կա­յացուցչա­կան ժո­ղով, որ պի­տի գու­մա­րուէր իւ­րա­քան­չիւր տա­րի կամ եր­կու տա­րին մէկ՝ քննե­լու եւ լու­ծումներ գտնե­լու Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեց­ւոյ առա­քելու­թեան, կա­ռավար­ման, ֆի­նան­սա­կան, տնտե­սական գոր­ծունէու­թեան, ինչպէս նաեւ հա­մազ­գա­յին նշա­նակու­թեան հար­ցե­րու վե­րաբե­րեալ, մի­տումնա­ւոր կեր­պով նա­խատե­սուած պար­բե­րակա­նու­թեամբ չէ իրա­կանա­ցուած։

Հայաստանի պե­տական մար­միննե­րու, պե­տական գոր­ծիչնե­րու կող­մէ Կա­թողի­կոսի ըն­թացքին ու գոր­ծունէու­թեան վե­րաբե­րեալ բազ­միցս կը հնչեն մտա­հոգու­թիւններ, քննա­դատու­թիւններ, մե­ղադ­րանքներ, որոնք կը մնան ան­պա­տաս­խան։ Ի դէմս Կա­թողի­կոսին եւ իր հետ հա­մագոր­ծա­կից որոշ հո­գեւո­րական­նե­րուն՝ Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեց­ւոյ կող­մէ հայ­րե­նիքին ու հայ­րե­նի պե­տու­թեան պէտք չէ եւ չի կրնար որե­ւէ վնաս, վտանգ սպառ­նալ։

Այս խախ­տումնե­րուն, սխալ­նե­րուն, բաց­թո­ղումնե­րուն, թե­րացումնե­րուն շար­քը կա­րելի է եր­կար շա­րու­նա­կել։

Մայր Աթո­ռի եւ Ամե­նայն հա­յոց կա­թողի­կոսի ներ­կա­յիս ըն­թացքը հա­կակա­նոնա­կան, վտան­գա­ւոր, վնա­սակար եւ կորստա­բեր է եւ չի կրնար այ­լեւս շա­րու­նա­կուիլ։ Կը դի­մենք Երու­սա­ղէմի եւ Կոս­տանդնու­պոլսոյ Սրբա­զան պատ­րիարքնե­րուն, Հայ եկե­ղեց­ւոյ եպիս­կո­պոսաց դա­սին, հո­գեւո­րակա­նու­թեան, Հայ­րե­նի պե­տական մար­միննե­րուն եւ պե­տական գոր­ծիչնե­րուն, մեր հա­ւատա­ւոր ժո­ղովուրդին.

Սրբա­զան պատ­րիարքներ, որ­պէս մեր Եկե­ղեց­ւոյ բարձրաս­տի­ճան գա­հակալ­ներ եւ ժո­ղով­նե­րու ատե­նապե­տեր, գլխա­ւորե­ցէ՛ք կամ առ­նուազն կոչ ուղղե­ցէ՛ք, միացէ՛ք ու նպաս­տե­ցէ՛ք՝ ստեղ­ծուած իրա­վիճա­կէն շու­տա­փոյթ ելք գտնե­լու հա­մար։

Սի­րելի սրբա­զան­ներ, հո­գեւոր եղ­բայրներ, վստահ ենք, որ այս մտա­հոգու­թիւնը կը կի­սէք շա­տերդ։ Եթէ կը ցան­կաք օր առաջ տես­նել Հայ առա­քելա­կան մեր Սուրբ եկե­ղեցին կրկին իր Աս­տուածա­հաճոյ ու ժո­ղովրդա­նուէր առա­քելու­թեան մէջ, առանց յա­պաղե­լու կապ պա­հեցէք Յանձնա­խումբի ան­դամնե­րուն հետ, Ձեր դիր­քո­րոշումն ու վե­րաբե­րու­մը ար­տա­յայ­տե­ցէք։

Մենք՝ խումբ մը եպիս­կո­պոս­ներս, գի­տակ­ցե­լով հան­դերձ ստեղ­ծուած իրա­վիճա­կին մէջ մե­ղաւո­րու­թեան մեր բա­ժինը, այս նա­խաձեռ­նութեամբ նպա­տակ ու­նինք սկիզբ դնե­լու Հայ եկե­ղեց­ւոյ բա­րեկարգման, որ­պէսզի մեր Սուրբ եկե­ղեցին կա­րենայ աս­կէ ետք կա­տարել մեր Տէր Յի­սուս Քրիս­տո­սի կող­մէ նա­խան­շուած իր ան­փո­խարի­նելի առա­քելու­թիւնը մեր ժո­ղովուրդի կեան­քին մէջ, այս վտան­գա­ւոր ժա­մանա­կաշրջա­նին նպաս­տէ հայ­րե­նի պե­տու­թեան ամ­րապնդման, որ­պէսզի Ամե­նայն հա­յոց կա­թողի­կոսը ըլ­լայ բո­լո՛ր հա­յերու Կա­թողի­կոսը՝ անոնց քա­ղաքա­կան ու կրօ­նական հա­յեացքնե­րէն ան­կախ, որ­պէսզի մեր Մայր եկե­ղեցին իրա­պէս Մայ­րութիւն ընէ եւ հա­մախմբէ տար­բեր կրօ­նական կա­ռոյցնե­րու մէջ հա­ւատք որո­նող, խար­խա­փող մեր ազ­գի զա­ւակ­նե­րը։ Անհրա­ժեշտ է մշա­կել եւ առա­ջին իսկ Ազ­գա­յին եկե­ղեցա­կան ժո­ղովին կող­մէ ըն­դունիլ Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեց­ւոյ կա­նոնադ­րութիւն մը, որ այ­սուհե­տեւ կա­թողի­կոս­նե­րու ու առաջ­նորդնե­րու հո­գեւոր ու իմա­ցական կա­րողու­թիւննե­րով, որա­կական յատ­կա­նիշե­րով միայն չպայ­մա­նաւո­րուի մեր Եկե­ղեց­ւոյ հե­ղինա­կու­թիւնը, ըն­թացքը, կա­նոնա­կանու­թիւնը, իր Սուրբ առա­քելու­թեան իրա­կանա­ցու­մը։

Հա­րազատ մեր ժո­ղովուրդի միաս­նութեան ու բար­գա­ւաճ­ման, մեր հայ­րե­նիքի ու մեր պե­տու­թեան հզօ­րաց­ման, անվտան­գութեան ու յա­րատե­ւու­թեան, մեր Մայր եկե­ղեց­ւոյ Աս­տուածա­հաճոյ առա­քելու­թեան իրա­կանաց­ման հա­մար մեր այս անձնու­րաց քայ­լը յա­նիրա­ւի կը քննա­դատուի որոշ մեր հո­գեւոր եղ­բայրնե­րու, իրա­վիճա­կէն ան­տե­ղեակ որոշ լրագ­րողնե­րու, քա­ղաքա­կան ու հա­սարա­կական գոր­ծիչնե­րու կող­մէ։ Կոչ կ՚ընենք սթափ դա­տել եւ իրա­տես ըլ­լալ, որով­հե­տեւ մենք կանգնած ենք Եկե­ղեց­ւոյ ամ­բողջա­կան հե­ղինա­կազրկման, պա­ռակտման, մեր ժո­ղովուրդի կրօ­նական մաս­նատման վտան­գին առ­ջեւ։

Մենք կ՚ակնկա­լենք, որ Գա­րեգին Բ. կա­թողի­կոսը, ի սէր մեր Եկե­ղեց­ւոյ եւ մեր ժո­ղովուրդին, սթափ կը գնա­հատէ ստեղ­ծուած իրա­վիճա­կը, չի տա­նիր մեր ազգն ու մեր Եկե­ղեցին աւե­լորդ ցնցումնե­րու, կա­մովին հանգստեան կը կո­չուի եւ այդպէ­սով կա­րելի կ՚ըլ­լայ նոր ընտրու­թիւններ կազ­մա­կեր­պել։

Եւ թող ամե­նատես ու ամե­նակալ Աս­տուած առաջ­նորդէ մեզ։ Ամէ՛ն։

1. Տ. Յով­նան ար­քե­պիս­կո­պոս Տէր­տէ­րեան

2. Տ. Նա­ւասարդ ար­քե­պիս­կո­պոս Կճո­յեան

3. Տ. Աբ­րա­համ ար­քե­պիս­կո­պոս Մկրտչեան

4. Տ. Առա­քել ար­քե­պիս­կո­պոս Քա­րամեան

5. Տ. Սիոն ար­քե­պիս­կո­պոս Ադա­մեան

6. Տ. Վազ­գէն ար­քե­պիս­կո­պոս Միր­զա­խանեան

7. Տ. Անու­շա­ւան եպիս­կո­պոս Ժամ­կո­չեան

8. Տ. Վրթա­նէս եպիս­կո­պոս Աբ­րա­համեան

9. Տ. Ար­տակ եպիս­կո­պոս Տիգ­րա­նեան

10. Տ. Գէորգ եպիս­կո­պոս Սա­րոյեան։

2025 Նոյեմբեր 29»